Նախագահ Սլէյման Դատապարտեց Իսրայէլի Կողմէ ՄԱԿ-ի Թիւ 1701 Բանաձեւին Դէմ Գործուած Խախտումները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շեշտեց, որ Իսրայէլի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին դէմ գործուած մնայուն խախտումներն ու Լիբանանի դէմ արձանագրուող սպառնալիքները խիստ դատապարտելի են եւ անոնց մասին պէտք է տեղեակ պահուի միջազգային ընտանիքը:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ այդ մէկը փաստի եւ ապացոյցի կարիք չունի, որովհետեւ մնայուն կերպով կը կատարուի:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի դէմ, որպէսզի ան վերջ տայ Լիբանանի դէմ իր սպառնալիքի եւ բռնարարքներու քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ստիպուի գործակցիլ Միջին Արեւելքի մէջ որդեգրուած արաբական եւ միջազգային նախաձեռնութիւններուն հետ:
CATEGORIES Լիբանանեան

