Վարչապետի Նշանակման Խորհրդակցութիւններու Առաջին Օրն Իսկ` Թամմամ Սալամ 86 Երեսփոխաններու Զօրակցութիւնը Կը Ստանայ
Վարչապետի նշանակման նպատակով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք սկսաւ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն, որոնց իբրեւ արդիւնք երեկոյեան նախագահական պալատէն հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ վարչապետի պաշտօնի միակ թեկնածու, երեսփոխան Թամմամ Սալամի անունը առաջադրած են 86 երեսփոխաններ:
Խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ նշենք, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ Սալամի անունը չառաջադրուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան չներկայացաւ խորհրդակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ մը կամ գրաւոր յանձնառութեան մը միջոցով չհաստատեց իր առաջադրանքը Թամմամ Սալամին:
Իր կարգին, երեսփոխան Քասեմ Հաշեմի առաջադրանքը նկատի պիտի առնուի այսօր, երբ ան ներկայանայ Պաաս կուսակցութեան պլոքին ընկերակցութեամբ:
Նախագահ Սլէյման խորհրդակցութիւններուն սկսաւ ընդունելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին:
Ապա նախագահ Սլէյման ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ յայտնեց, թէ ինք առաջադրած է Սալամի թեկնածութիւնը` նշելով, որ իրենք կը սպասեն դրական մթնոլորտի մը, որ սկսած է ընթացք առնել` ամրապնդելով երկրին ժողովրդավարական կարգերը:
Նախկին վարչապետներ` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Սաատ Հարիրի բացակայեցան խորհրդակցութիւններէն, միակ տարբերութեամբ, որ առաջինը չկապուեցաւ նախագահական պալատ, մինչդեռ Սաատ Հարիրի գրաւոր յանձնարարութեամբ եւ հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի Թամմամ Սալամի թեկնածութեան:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի իր կարգին շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի Թամմամ Սալամի:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միքաթիի հետ, ապա գլխաւորելով Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքը խորհրդակցեցաւ նախագահ Սլէյմանի հետ:
Հանդիպումէն ետք պլոքին անունով երեսփոխան Անուար Խալիլ յայտնեց, որ առաջարկուած է Թամմամ Սալամի անունը, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` կառավարութեան կազմութեան պարտականութեան մէջ:
Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, նախագահ Սլէյմանի հետ հանդիպումին ընթացքին առաջադրեց Սալամի թեկնածութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայացուց պլոքին մաս կազմող, սակայն խորհրդակցութիւններէն բացակայող երեսփոխաններուն գրաւոր յանձնարարութիւնները, որոնք կը զօրակցին Սալամի թեկնածութեան:
Սինիորա ըսաւ, որ Մուսթաքպալ պլոքը նեցուկ պիտի կանգնի Սալամի, որպէսզի ան ստանձնէ լիբանանցիներուն ձգտումներուն իրականացման յարմար կառավարութեան մը վարչապետութիւնը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պլոքը պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ներկայացաւ առանց իր նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին:
Նախագահ Սլէյմանի հետ հանդիպումէն ետք, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ իրենց պլոքը առաջարկած է երեսփոխան Թամմամ Սալամի անունը: «Ինչպէս զօր. Աուն յայտնեց, այս առաջադրանքը առիթ մըն է` Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանին ընթացքին իրականացնելու երկրին ազգային միասնականութիւնը», ըսաւ Քանաան:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը իր կարգին առաջադրեց Թամմամ Սալամի թեկնածութիւնը:
Պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ իրենք Սալամի անունը առաջադրած են` շեշտելու համար իրենց յանձնառութիւնը լիբանանեան ներքին համախոհութեան գոյացման եւ երկրին ապահովական կայունութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող կառավարութեան մը կազմութեան իմաստով: Ռաատ յաջողութիւն մաղթեց Թամմամ Սալամի:
Ազգային պայքարի ճակատ պլոքը` նախագահութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, առաջադրեց Թամմամ Սալամի թեկնածութիւնը:
Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հսկայ ջանքերը, որոնք ի գործ դրուեցան Լիբանանի համախոհութեան եւ ապահովական կայունութեան պահպանումին ի խնդիր:
Նախագահ Սլէյման պարտադիր խորհրդակցութիւններուն առաջին օրը աւարտեց ընդունելով երեսփոխաններ Միշել Մըրը եւ Նէյլա Թուէյնին, որոնք առաջադրեցին Թամմամ Սալամի թեկնածութիւնը եւ պահանջեցին կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ կրնայ որդեգրել «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը, որ շատ մը դիւրութիւններ կու տայ` երկիրը կառավարելու առումով:
Նշենք, որ նախագահ Սլէյման այսօր առաւօտեան ժամը 9:00-ին պիտի շարունակէ խորհրդակցութիւնները, որոնք պիտի աւարտին կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին եւ որոնց հիման վրայ կը նախատեսուի, որ Թամմամ Սալամ վարչապետ նշանակուի շուրջ 124 երեսփոխանի առաջադրումով:



