Օճալան Հայերուն Եւ Ասորիներուն «Պատգամ» Յղած Է

Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտիւլլա Օճալան` դիմելով Թուրքիոյ հայ եւ ասորի համայնքներուն, ըսած է, որ անոնց դէմ որեւէ դիրքորոշում, անոնց իրաւունքներն ու ազատութիւնները սահմանափակող, այդ իրաւունքները «ձեռքերնէն խլող» որեւէ քայլ անընդունելի է` աւելցնելով, որ առանց անոնց ժողովրդավարութիւն չ՛ըլլար:

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Իմրալը կղզիին մէջ բանտարկուած Օճալանի խօսքերը փոխանցած է քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ, որ չորեքշաբթի օր Օճալանի հետ հանդիպում ունեցած էր:

ՔԱԿ-ի ղեկավարը կոչ ուղղած է չխաբուելու աժան քարոզչութենէն եւ նշած, որ ինք ինչպէս մինչեւ այժմ պայքարած է յանուն արդարութեան, ասկէ ետք եւս նոյն ձեւով պիտի պայքարի, եւ քիւրտերուն հետ հաշտութեան այս հոլովոյթին պէտք է վստահիլ:

Օճալան հինգշաբթի օր դարձեալ նամակ գրած էր եւ շնորհակալութիւն յայտնած իր ծննդեան օրը նշելու համար իր ծննդավայրը գացած քիւրտերուն: «Ես շատ լաւ եմ, եւ մինչեւ վերջին շունչս լաւ պիտի ըլլամ: Ամարա (Օճալանի ծննդավայրը) գալով տարեդարձս շնորհաւորողներուն շնորհակալ եմ: Այսօրուան ըսելիքս այն է, որ այժմ պատուաբեր խաղաղութեան համար կարելիութիւններ ունինք: Ես արդէն 65 տարեկան կը դառնամ: Իմ կարելիս ըրի: «Հպարտ եմ» ըսող բոլորին` հարուստ թէ աղքատ, կին թէ տղամարդ, ծեր թէ երիտասարդ, կոչ կ՛ուղղեմ հետեւիլ այս փուլին: Յոյսով եմ, որ այլեւս մէկ կաթիլ արիւն պիտի չթափի», գրած է Օճալան:

Յիշեցնենք, որ Օճալան մարտին ՔԱԿ-ի զինեալներուն կոչ ուղղած էր զէնքերը վար դնել եւ լքել Թուրքիան:

 

Share this Article
CATEGORIES