Հանրապետական Կուսակցութեան Արձագանգը ՀՅԴ-ին Մտածելու Տեղի Կու Տայ
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ հանրապետական կուսակցութեան փոխնախագահ Գալուստ Սահակեանի արձագանգը Դաշնակցութեան յայտարարութեան մտածելու տեղի կու տայ:
Դաշնակցութիւնը յայտարարած էր, որ Պռօշեանի դաշնակցական գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը քաղաքական ենթահող ունի: Ատոր իբրեւ պատասխան Սահակեան նշած էր, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը չի կրնար որեւէ առնչութիւն ունենալ սպանութեան հետ:
«Շատ բան նոյնինքն այդտեղ թաքնուած է: Ես որոշակի որեւէ ուժի չեմ մեղադրած: Ես ըսած եմ, որ ասիկա ինչի՛ արդիւնք, ի՛նչ երեւոյթի, ի՛նչ մթնոլորտի արդիւնք կրնայ ըլլալ», յայտնեց Ռուստամեան: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ մտածելու տեղի կու տայ այն երեւոյթը, որ մարդիկ իրենք իրենց կը վերագրեն այդ մեղադրանքները: «Ահաբեկման տարբեր միջոցներ կիրարկուած են, անոր մասին է խօսքը, որուն մասին մենք կ՛անդրադառնանք, բայց իրենք չեն ուզեր ատիկա ընդունիլ», ընդգծեց Ռուստամեան:
Ռուստամեան նաեւ նշեց, որ իրենք երբեք Հանրապետական կուսակցութիւնը նկատի չունին, այլ անդրադարձած են գիւղապետին շուրջ ստեղծուած լարուած մթնոլորտին, անոր նկատմամբ ոտնձգութիւններուն ու ահաբեկչութիւններուն եւ գիւղապետարանին մէջ կառավարման տարբեր օղակներու անհարկի ստուգումներուն:
«Պարտադիր չէ, որ իշխանութիւնները անպայման ամէն ինչ ծրագրաւորուած իրականացնեն: Բաւարար է ստեղծել այդպիսի մթնոլորտ եւ կը գտնուին միշտ լկտիներ եւ ոճրագործներ, որոնք անկէ կ՛օգտուին: Ասոր մասին է խօսքը», աւելցուց Արմէն Ռուստամեան:

