Հազարաւորներ Մասնակցեցան Հրաչ Մուրադեանի Յուղարկաւորութեան

Բազմամարդ յուղարկաւորութենէն պահ մը

Պռօշեանցիները եւ Հայաստանի տարբեր մարզերէն Պռօշեան եկած հազարաւոր մարդիկ երէկ հրաժեշտ տուին իրենց մարտական ընկերոջ, արժանաւոր գիւղապետին` Հրաչ Մուրադեանին, որ օրեր առաջ դաւադիր փամփուշտի զոհ դարձած էր:

Պռօշեանցիներուն համար Հրաչ Մուրադեանի անժամանակ մահը ոչ միայն բազմաթիւ հարցեր յառաջացուց, այլ նաեւ մտահոգութիւն: Եթէ Հայաստանի մէջ կը սպաննուի ազատամարտիկ, հայրենիքի եւ սեփական փոքր համայնքի նուիրեալ ղեկավարը, ապա մտահոգուելու լուրջ պատճառ կայ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը` դամբանական խօսքին ընթացքին
(Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի)

Պռօշեանցիները անգամ մը եւս փաստեցին, որ ան անմնացորդ կը ծառայէր բոլորին: Պռօշեանցիները նկատել տուին, որ Հրաչ Մուրադեանին համար նոյնիսկ մահը խնդիր չէր, եթէ կենդանի ըլլար, ան պիտի ըսէր. «Գործերս թերի մնացին, գերեզմանը ինծի հոգ չէ»:

Կռուեցաւ մարտի դաշտին վրայ, թշնամիի գնդակը խնայեց անոր, բայց ինկաւ ներքին դաւաճանի գնդակէն: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան նշեց, որ Հրաչ Մուրադեան խոնարհ հերոս էր եւ անձայն, առանց աւելորդ ցուցամոլութեան իր աշխատանքը կը կատարէր: Որեւէ գործի մէջ անոր նուիրուածութիւնը վարակիչ էր` թէ՛ իբրեւ համայնքի ղեկավար, թէ՛ արցախեան ազատամարտին մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Մուրադեան մնաց Ղարաբաղի մէջ մինչեւ զինադադար կնքուիլը: Ըստ անոր, ան խաղաղ կեանքին մէջ չունէր նիւթական միջոցներ, պետական աջակցութիւն եւ թիկունք, քանի մը անգամ յաղթեց եւ գիւղապետ դարձաւ, որովհետեւ ան ժողովուրդին համակրանքը ունէր:

Share this Article
CATEGORIES