«9 Ապրիլին Միասին Պիտի Քալենք` Վերադարձնելու Ժողովուրդի Իշխանութիւնը» Յայտարարեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան

18 փետրուարի նախագահական ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքներով երկրորդ տեղը գրաւած ընդդիմադիր թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեան երէկ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ անձրեւուն տակ սկսած բազմամարդ հանրահաւաքին ընթացքին ժողովուրդին կոչ ուղղեց 9 ապրիլին մասնակցելու «Նոր Հայաստանի հռչակման եւ երդմնակալութեան արարողութեան»:

«9 ապրիլին մենք պիտի ունենանք ազգային միասնութեան տօն, եւ ոչ մէկը պիտի խանգարէ մեր ազգային միասնականութիւնը», յայտարարեց Րաֆֆի Յովհաննէսեան` աւելցնելով. «Վայ անոնց, որոնք 9 ապրիլին սուտ երդում պիտի տան: Պիտի չներենք, պիտի չներենք: Ասիկա արեւի, լոյսի, հայրենիքի, խաղաղութեան բանակն է: Անզէն: Զինուած են մեր հաւատքով: Եւ որքան զէնք բարձրացնէք, մենք կ՛երթանք մեր հայրենիքին համար` խաղաղ դէպի յաղթանակ»:

Յովհաննէսեան տեղեկացուց, որ 9 ապրիլին Ազատութեան հրապարակին մէջ իր աջակիցներուն յայտարարած` «Նոր Հայաստանի հռչակման եւ երդմնակալութեան արարողութենէն» ետք քայլարշաւ տեղի պիտի ունենայ:

«Միասին պիտի քալենք մեր հայրենիքին համար: Պիտի երթանք` վերադարձնելու ժողովուրդի իշխանութիւնը», ըսաւ Յովհաննէսեան: Ան նշեց, որ քանի որ 9 ապրիլը «ազգային տօնախմբութեան» օր է, իրենք այդ օրը կը յայտարարեն գործադուլ եւ դասադուլ ամբողջ հանրապետութեան մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES