Թենիս. «Տէյվիս-Քափ». Լիբանան – Սրի Լանքա` 1-1
Երէկ` ուրբաթ, 5 ապրիլին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) գտնուող թենիսի դաշտերուն վրայ սկսաւ թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Լիբանան եւ Սրի Լանքա` Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող մրցումներուն ծիրին մէջ:
Մեծաթիւ համակիրներու ներկայութեան տեղի ունեցած առաջին մրցումին, լիբանանցի Պասսամ Պայտաս յաղթանակ մը արձանագրեց` 6-1, 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով:
Երկրորդ մրցումին սակայն, Քարիմ Ղալայինի 6-3, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով պարտուեցաւ իր մրցակիցէն` պատճառ դառնալով, որ արդիւնքը հաւասարի (1-1):
Այսօր տեղի պիտի ունենայ զոյգի մրցումը, իսկ վաղը` անհատական երկու մրցումներ:
CATEGORIES Մարզական


