Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Պէյրութ Պարտուեցաւ Մանարայի Մէջ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-էյթ»-ի երթի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Սաժես Պէյրութը:
Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Ռիատիի յաղթանակով` 80-74 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 18-15, 36-33, 53-56 եւ 27-18:
Նշենք, որ այս շաբաթավերջին տեղի կ՛ունենան դարձի Ա. հանգրուանի մրցումները` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ.
ԱՅՍՕՐ ——————-ԺԱՄ—ԴԱՇՏ
Ամշիթ – Մութթահետ 16:00 Ամշիթ
Շանվիլ – Պիպլոս 16:00 Շանվիլ
ՎԱՂԸ
Սաժես – Պըժժէ 17:00 Ղազիր
Հուփս – Ռիատի 19:00 Միշել Մըր
CATEGORIES Մարզական


