Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած եւ այս շաբաթավերջին կատարուելիք մրցումներուն յայտագիրը:
Ահտ 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ եւ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ անիկա դաշտ ներկայացուց մարզիկ մը, որ Սալամ Սուրի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին պէտք չէր դաշտ ներկայանար:
Սաատ Սաֆա Պարուքի մարզիկներէն Իհապ Մահմուտ եւ Ռիշատ Ամաթուրի մէկական տարիով կախակայուեցան, որովհետեւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին իրաւարարին զարկին:
Ֆետերասիոնը վաւերացուց կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները, որոնց ընթացքին ՀՄԸՄ Պէյրութ պարտուեցաւ Անսարէն (5-0), իսկ ՀՄՄ` Իսլահ Պըրժ Շիմալիէն (12-0):
Ռաուտա Տըքուանէ եւ Սաատ Սաֆա Պարուք մէկական միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան` նկատի ունենալով, որ անոնք իրենց տոմարներուն վրայ չստորագրուած մարզիկներ դաշտ ներկայացուցին:
Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն յայտագիրը.
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ախա Ահլի Ալէյ – Ռասինկ 15:00 Պէյրութ
Թրիփոլի – Շապապ Սահել 15:00 Ժունիէ
Սաֆա – Մապարրա 15:00 Մարզական Աւան
Անսար – Թատամոն Սուր 15:30 Սայտա

