Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Այսօր Կրնայ Ապահովել Աւարտականի Իր Տոմսը
Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ Թրիփոլի երրորդ ճակատումը:
Ինչպէս ծանօթ է, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ ապահովող խումբը կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Ասիկա այսօր կրնայ պատահիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, անշուշտ եթէ ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրէ իր երրորդ յաղթանակը:
Մրցումը սկզբունքով տեղի պիտի ունենար յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: Սակայն Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, անիկա այժմ պիտի կատարուի ժամը 19:00-ին:
Նշենք, որ նոյնը կրնայ պատահիլ նաեւ Ռիատի Պէյրութի հետ ալ` նկատի ունենալով, որ անիկա այժմ 2-0 արդիւնքով կը յառաջանայ Անդրանիկ Պէյրութի վրայ:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ռիատիի Մանարայի դաշտին վրայ:

