Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Նասըր
Լեռնալիբանանի նահանգի Ե. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ վաղը` կիրակի, 7 ապրիլին, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ պիտի մրցի Հիլալ Նասըրի դէմ:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին:
Ճիշդ շաբաթ մը առաջ, նոյն դաշտին վրայ Սաատ Սաֆա Պարուքը պարտութեան մատնած ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, վաղը եւս կրնայ երեք կէտ խլել իր մրցակիցէն` կիրարկելով խմբային խաղաոճ մը:
Նշենք, որ կիրակի, 14 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ իր վերջին մրցումը` Նըժմէի դաշտին վրայ մրցելով Սաքաֆի Շըհիմի դէմ:
Անցնելու համար յաջորդ հանգրուան, վերոնշեալ երկու մրցումները կարեւոր են ՀՄԸՄ-ի համար:
CATEGORIES Մարզական

