Նշմար. Յատկացուած Ժամանակէն Օգտուիլ Առաւելագոյն Չափով
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
Ինչպէս ծանօթ է, այսօր` շաբաթ, 6 ապրիլին, ազդանշանը կը տրուի Լիբանանի ճատրակի 2013-ի տարիքային ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Ժամհուր վարժարանին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-էն սկսեալ:
«ԱԶԴԱԿ» երկու առիթով այս գծով մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ընթերցողներուն` իր մարզական էջին ընդմէջէն:
Կրկնութեան կարիքը չկայ` նկատի ունենալով, որ բոլորն ալ տեղեակ եղան այս մասին:
Սակայն, հոս կ՛ուզենք բոլոր մասնակիցներուն նշել այն կարեւոր կէտը, որ այս ախոյեանութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր է տարուան ընթացքին տեղի ունեցող մրցաշարքերէն:
Բոլորն ալ պիտի պայքարին առաւելագոյն կէտը ապահովելու` հանդիսանալու համար Լիբանանի ախոյեան:
Ախոյեան հանդիսանալու համար ամէնէն կարեւորը այն է, որ յատկացուած ժամանակէն պէտք է օգտուիլ առաւելագոյն չափով:
Այսինքն: Իւրաքանչիւր մրցումի տեւողութիւնը պիտի ըլլայ 90 վայրկեան, որուն վրայ կ՛աւելնայ 30 երկվայրկեան` իւրաքանչիւր շարժումի համար:
Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, երբե՛ք աճապարելու կարիքը չկայ, այլ իւրաքանչիւր մասնակից բաւական երկար ժամանակ ունի իր դիմաց, եւ անիկա չի նմանիր սովորական մրցաշարքի մը, որուն տեւողութիւնը կ՛ըլլայ 15 վայրկեան:
Այս իրողութիւնը նկատի ունենալով` ծնողնե՛րը եւս պարտին իրենց զաւակներուն թելադրել, որ լաւ մտածեն, չաճապարեն, սերտեն իւրաքանչիւր շարժում, որպէսզի կարենան լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել:
Թէեւ ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկու շաբաթավերջերու վրայ, սակայն 8 եւ 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումները պիտի աւարտին վաղը, երբ տեղի ունենան 6 հանգրուանի մրցումներ:
Եթէ կ՛ուզենք Լիբանանի ախոյեանները հայ տեսնել, պէտք է լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել եւ մէկուկէս ժամ տեւող մրցումին ընթացքին սայթաքում չարձանագրել:
Մասնակցողները երբե՛ք աճապարելու պէտք չունին, որովհետեւ դուրսը իրենց սպասող ծնողները համբերատար ձեւով կը սպասեն իրենց զաւակներուն ձեռք ձգելիք փայլուն արդիւնքներուն:
Յաջողութիւն կը մաղթենք ախոյեանութեան մասնակցող բոլոր հայերուն, անխտի՛ր:

