Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Խնդիր մը պիտի ընկալէք պարզ ձեւով: Հակառակը ընելով` ոչինչ կը շահիք: Խոհեմութիւնը լաւագոյն խորհրդատուն է: Զգուշ եղէք ամէն պարագայի:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեկամնե՞րը կարօտցած էք արդեօք: Ամէնքն ալ պատրաստ են ընդառաջելու խնճոյք մը ունենալու ձեր հրաւէրին: Առաջարկեցէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի կարենաք յարմար բառեր գտնել` համոզելու ձեր շուրջինները, ձեզի հետ աշխատողները, որոնք պիտի լսեն ձեր առաջարկը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեզի պիտի առաջարկուի նոր պաշտօն մը` արտասահմանի մէջ: Ձեզի համար օգտակար նորութիւն մը պիտի ըլլայ այս պաշտօնը: Ընդունեցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւ լուր մը պիտի ստանաք, որ ձեզ պիտի քաջալերէ ներկայի եւ ապագայի կապակցութեամբ: Յոռետեսութիւնը հեռացուցէք ձեզմէ, ուրախ կը մնաք միշտ: Յոռետեսութիւնը հիւանդութիւն է:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նախընտրեցէք խմբական աշխատանքը, որպէսզի կարենաք իմանալ ու հասկնալ ձեր գործակիցներուն աշխատանքին լաւագոյնը, կամ` հակառակը:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նոր նախաձեռնութիւն մը կատարեցէք ձեր աշխատանքին մէջ: Ձեր շուրջինները այս կը սպասեն ձեզմէ: Օրը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ունիք տնային եւ այլ կարգի գործառնութիւններ: Եթէ օգնութեան կարիք ունենաք, դիմեցէք յարմար անձի մը: Օրը լաւ է:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ դժուարութեան մը մատնուած էք, դիմեցէք նոյնիսկ ձեր տկար կարծած անձին: Ան կրնայ օգտակար ըլլալ: Չյուսացուած անձը երբեմն զարմացնող իրագործում կ՛ունենայ: Ինքնագլուխ մի՛ աշխատիք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դիւանագէտ եղէք, պիտի կարենաք ձեռք ձգել ձեր ուզածը: «Անուշ լեզուն օձը ծակէն կը հանէ», կ՛ըսէ իմաստութիւնը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի մէջ պիտի կարենաք լուծումներ գտնել ներկայացուած բոլոր հարցերուն: Անշուշտ յաջողութիւնը պիտի ըլլայ օրուան բախտը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օգտագործեցէք ձեր հմայքը, որպէսզի ամէնուն ուշադրութիւնը հրաւիրէք ձեր վրայ: Բայց յաջողելու գաղտնիքը միայն այս չէ, մտածեցէք եւ կիրարկեցէք նաեւ այլ միջոցներ:

Share this Article
CATEGORIES