50 Տարի Առաջ (8 Ապրիլ 1963)

Հայ Կեանք

Արամ Խաչատրեան Իտալիոյ Մէջ

Վարպետը Կը Պատրաստէ
Նոր
Գործ Մը

Ճափոնէն վերադարձին, դէպի Իտալիա ճամբուն վրայ, Արամ Խաչատրեան եւ կինը երեք ժամուան համար Փարիզ հանդիպած են անցած երկուշաբթի օր:

Այդ կարճ ժամանակի ընթացքին (ժամը 15:00-18:00) վարպետը այցելած է Արդի արուեստի ցուցասրահը` ընկերակցութեամբ Գրիգոր Համբարձումեանի:

Արամ Խաչատրեանի Ճափոնի յաջողութեանց արձագանգ հանդիսացած էինք ատենին, իբրեւ յաւելեալ տեղեկութիւն, զոր վարպետը տուած է, կրնանք ըսել, թէ ծանօթ դաշնակահար Լեւ Օպորինն է, որ Թոքիոյի մէջ առաջին ունկնդրութիւնը տուած է Արամ Խաչատրեանի դաշնակի նոր եւ երկարաշունչ սոնաթին: Նոյն երկը արդէն Իտալիոյ մէջ նուագած է առաջին անգամ ուրիշ յայտնի դաշնակահար մը` Կիլելս, որ աշնան Փարիզի հասարակութեան պիտի ներկայացնէ նոյն գործը:

Իբրեւ նոր գործ` Ա. Խաչատրեան կը պատրաստէ թաւջութակի ռափսոտի մը: Իտալիոյ մէջ պիտի տայ երեք նուագահանդէսներ: Ապրիլ 7-ին` Հռոմ, 12-ին Թորինօ եւ 18-ին, Պոլոնիա:

Իր ծրագիրներուն մէջ կը նախատեսէ  Փարիզ գալ յառաջիկայ աշնան:

Յունաստանի Արքայական Պալատի
Զեկոյցը

Գրած էինք, թէ Աթէնքի մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցած է վեհափառ հայրապետի մահուան քառասունքի արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուած է Յունաստանի թագաւորին ներկայացուցիչը:

Հելլէն թերթերը հրատարակած են արքայական պալատի հետեւեալ զեկոյցը, զոր կիրակի գիշեր եւ երկուշաբթի առաւօտ հեռասփռուած է Աթէնքի ձայնասփիւռի կայանէն.

«Բարձր հրամանով նորին վեհափառութիւն թագաւորին արարողապետը` Ա. Ք. Սթաթաթոս, նորին վեհափառութիւն Թագաւորը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ օրթոտոքս հայոց երանաշնորհ պատրիարք (կաթողիկոս) ԶԱՐԵՀ Ա.ի մահուան քառասունքին առիթով տեղի ունեցած հոգեհանգստեան ընթացքին, կիրակի օր»:

Վեհափառին Հոգեհանգիստը
Ֆրանսայի
Մէջ

«Նուիրեալ Մըն Էր Հայց. Եկեղեցւոյ
Եւ
Հայ Ժողովուրդին»

Կ՛Ըսէ Սերովբէ Արքեպիսկոպոս

Ֆրանսայի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ` Փարիզ, Մարսէյ, Լիոն, Տեսին, Պոմոն, ոգեկոչուած է երջանկայիշատակ վեհափառին յիշատակը` իր վախճման քառասունքին առթիւ:

Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիին մէջ հոգեհանգստեան պատարագին նախագահած է Սերովբէ արք. Մանուկեան: Արարողութեան մասնակցած է Կիլիկիոյ դպրեվանքի միաբաններէն Տաթեւ վարդապետ:

Սերովբէ արք. շեշտած է, թէ անհուն վիշտով կ՛ոգեկոչէ Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին յիշատակը: Ան բացառիկ նկարագրի տէր հոգեւորական մը եղած էր:

Անդրադառնալով Զարեհ Ա.ի ընտրութեան առիթով ծագած տարակարծութիւններուն եւ ամուլ պայքարին, Սերովբէ արք. շեշտած է, թէ երջանկայիշատակ հայրապետը միշտ վեր մնացած էր բոլոր վէճերէն, բոլոր խնդիրներէն եւ եղած մեծ եկեղեցական մը, որ ծառայած էր միայն հայց. եկեղեցւոյ եւ իր ժողովուրդին պայծառութեան:

Տառապանքի սերունդին կը պատկանէր ան` ծնած ըլլալով 1915-ին, ըսած է Սերովբէ արք. եւ շատ երիտասարդ գրաւեց Կիլիկիոյ գահը, բայց այդ եօթը տարիներուն ընթացքին մնաց միշտ հաւատարիմ իր կոչումին, եղաւ ամբասիր հոգեւորական մը եւ իր անձը երբեք խնդրոյ առարկայ չեղաւ:

Հետաքրքրական

«Նորաձեւութեան Բառարան»

Լեհաստանի մէջ վերջերս հրապարակ ելած է նորաձեւութեան բառարան մը, որ կը բովանդակէ ութ հարիւր յօդուածներ եւ կը զբաղի մի միայն եւրոպական զգեստներով: Եգիպտոսը եւ Միջին Արեւելքը կը յիշատակէ միայն այն ատեն, երբ հարկ ըլլայ եւրոպական զգեստի մը ո՛ւրկէ սկիզբ առած ըլլալը պրպտել: Այս ինքնատիպ եւ իր նմանը չունեցող համայնագիտարանը մեզի կ՛ըսէ, թէ ի՛նչ տեսակ հագուստներ կը հագնէին մեր նախահայրերը: Հարիւր տարի առաջ ի՞նչ էր նորաձեւութիւնը: Ի՞նչ տեսակ մօրուք ունէին եւ ի՞նչ փողկապ կը կապէին այր մարդիկը: Ի՞նչ հագուստ կը հագնէին տղաքը: Եւ ասոր պէս հազար ու մէկ բաներ: Հեղինակներն են` Էլա եւ Անտրէյ Պանահ: Անոնք այս գիրքը պատրաստելու համար օգտագործած են բազմաթիւ եւ ինքնատիպ աղբիւրներ, տրուած ըլլալով, որ անցեալ դարերու նորաձեւութիւնը մեզի կը ներկայանայ նկարներու եւ արձաններու վրայ:

Share this Article
CATEGORIES