Լեզուական Հարցադրումներ. «Անկուկըլելի» Բառը Զանց Կ՛առնուի Շուէտերէնի Մէջ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Քալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած տեղեկութիւններ փնտռող հսկան Շուէտի Լեզուական խորհուրդէն պահանջած է բարեփոխել «օկուկըլպար» (անգլերէնով` «անկուկըլըպըլ») բառին սահմանումը:
ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՊԻՏԻ ՀՆՉԷՐ «ԱՆԿՈՒԿԸԼԵԼԻ» ԵԶՐԸ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՐ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ՇՈՒԷՏԱՑԻՆԵՐԸ ԶԱՅՆ ԴՈՒՐՍ ԴՐԱԾ ԵՆ ԻՐԵՆՑ ԲԱՌԱՐԱՆԷՆ` ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՓՆՏՌՈՂ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳՈՐԾԻՔԻՆ` ԿՈՒԿԸԼԻ ՀԵՏ ԲԱՌԻՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԻՆ ՇՈՒՐՋ ՎԷՃԻ ՄԸ ՊԱՏՃԱՌՈՎ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԲԱԽՈՒՄԸ, ՈՐՄԷ ԿԸ ԾՆԻ ՀԵՏԵՒԵԱԼ ՀԱՐՑՈՒՄԸ. Ո՞Վ Կ՛ՈՐՈՇԷ ՆՈՐ ԲԱՌԻ ՄԸ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄԸ ԵՒ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ…
Շուէտի Լեզուական խորհուրդը, որուն պարտականութիւնն է մշակել շուէտերէնի գործածութիւնը, «օկուկըլպար» (անգլերէնով` «անկուկըլըպըլ») եզրը դուրս դրած է նոր բառերու իր ցանկէն` Կուկըլի ճնշումին տակ:
Խորհուրդը, որուն առաքելութիւնն է «խօսակցական եւ գրաւոր շուէտերէնի զարգացումին հսկողութիւնը», անցեալ տարի այս եզրը ներառած էր նոր բառերու ցանկի մը մէջ եւ զայն սահմանած էր իբրեւ «բան մը, որ չես կրնար համացանցի մէջ գտնել` գործածելով փնտռող գործիք մը»:
Շուէտի մէջ հրատարակուող «Տը Լոքըլ» անգլերէն լրատու կայքին համաձայն, Կուկըլ պահանջած է բարեփոխել բառին սահմանումը:
Շուէտացիք մերժած են ընդառաջել եւ եզրը ամբողջութեամբ դուրս դրած են բառացանկէն:
«Տը Լոքըլ» կը մէջբերէ Շուէտի Լեզուական խորհուրդի ներկայացուցիչ Էն Սիտըրրպերի հետեւեալ բացատրութիւնը. «Այսօր բառը դուրս կը դնենք մեր բառացանկէն եւ կը յայտարարենք մեր դժգոհութիւնը` լեզուին վրայ հակակշիռ բանեցնելու Կուկըլի փորձին դէմ»:
Կարգ մը տեղեկագրերու համաձայն, Կուկըլի դժգոհութեան պատճառը այն է, թէ իր անունին վրայ հիմնուած բառ մը կը սահմանուի Շուէտի «լեզուի մշակումի պաշտօնական խորհուրդին» կողմէ:
Քալիֆորնիոյ մէջ հաստատուած տեղեկութիւններ փնտռող հսկան Շուէտի Լեզուական խորհուրդէն պահանջած է յստակօրէն նշել, թէ բառը կը վերաբերի միայն Կուկըլի միջոցով տեղեկութիւններ փնտռող գործիքին եւ ոչ` անոր մրցակից ընկերութիւններուն կողմէ տրամադրուած գործիքներուն:
Էն Սիտըրրպեր կը բացատրէ, թէ Կուկըլի իրաւաբաններուն հետ բազմաթիւ նամակներու փոխանակումը այնքան ծանրաբեռնած է իրենց աշխատանքը, որ խորհուրդը նախընտրած է բառը ամբողջութեամբ զանց առնել: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ է, որ խորհուրդը ամէն տարի հրապարակուող իր նոր բառերու ցանկէն զանց կ՛առնէ բառ մը:
Սիտըրրպեր կը յստակացնէ, թէ Կուկըլ չէ պարտադրած բառին զանցառումը: Ան նաեւ չ՛ակնարկեր շուէտերէնի մէջ անոր գործածութեան դէմ որեւէ արգելքի: Նաեւ կ՛ըսէ, թէ Լեզուական խորհուրդը մերժած է բարեփոխել բառին սահմանումը` բանավէճ մը հրահրելու նպատակով:
«Եթէ կ՛ուզենք «օկուկըլպար»-ը ներառել լեզուին մէջ, ապա պիտի գործածենք զայն եւ մեր գործածութիւնն է, որ իմաստ պիտի տայ անոր, ոչ թէ` բազմազգեան ընկերութեան մը բանեցուցած ճնշումները: Խօսքը ազա՛տ պէտք է ըլլայ», ըսած է ան «Տը Լոքըլ» կայքին:

