Լեզուական Հարցադրումներ. «Ուղղագրութիւնը Կարեւո՞ր Է»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ինծի նայեցէ՛ք… Ուղղագրական սխալներ, ինչպէս` «Ինկլորիըս պասթըրտծ» ժապաւէնին վերնագիրին մէջ, անխուսափելիօրէն ուշադրութիւն կը գրաւեն:

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ՆԱԽԿԻՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԹՈՆԻ ՊԼԵՐ ԵՒ ՏԱՆ ՔՈՒԷՅԼ ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ԵՆ ԻՐԵՆՑ ԳՈՐԾԱԾ ՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐՈՎ: ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ԱՆԳԼԵՐԷՆԸ ԿԸ ՎԽՏԱՅ ՈՒՂՂԱԳՐԱԿԱՆ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ: ՇԱՏԵՐ ԱՅԼԵՒՍ ՃԻԳ ՉԵՆ ԹԱՓԵՐ ՃԻՇԴ ԳՐԵԼՈՒ: ԹԵՐԵՒՍ ԱՍԻԿԱ ԱԽՏԱՆՇԱՆԱԿԱՆ ԵՐԵՒՈՅԹՆ ՄԸՆ Է ՄԵՐՕՐԵԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ՄԷՋ, ՈՒՐ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ԲԱՆ ՄԸ ԸՍԵԼՈՒ ՄԱՐՄԱՋԸ ԱՒԵԼԻ ՀԶՕՐ Է, ՔԱՆ` ՈՐԵՒԷ ԸՍԵԼԻՔ ՈՒՆԵՆԱԼԸ, ԹԵՐԵՒՍ ՀԵՏԵՒԱՆՔ Է ԿՐԹԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ՁԱԽՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԲԱՐԴՈՅԹԻ ՄԸ` ՊԵՐՃԱԳԵՂ ԼԵԶՈՒԻ ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ: ԱՅՍՈՒՀԱՆԴԵՐՁ, ԴԺՈՒԱՐ Է ԺԽՏԵԼ ՅՍՏԱԿ ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԳՐԵԼՈՒ ԵՒ ԿԱՐԴԱԼՈՒ ՀԱՃՈՅՔԸ: ԱՆԳԼԻԱՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵՆՑԱՂԱՅԻՆ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՀԵՆՐԻ ՀԻՉԻՆԶ «ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՍԱՅՄԸՆ ՀՈՐՈՊԻՆԻ «ՏԱԶ ՍՓԵԼԻՆԿ ՄԵԹԸՐ» ԳԻՐՔԸ, ՈՐ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ` ԻԲՐԵՒ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՈՑԻ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՐԱԳՈՐԾՄԱՆ:

Սայմըն Հորոպինի գիրքին վերնագիրը առաջին ակնարկով սովորական հարցումի մը տպաւորութիւնը կը ստեղծէ: Կը կարծեմ, թէ ընթերցողներուն մեծամասնութիւնը պիտի պատասխանէր. «Այո՛, ուղղագրութիւնը կարեւոր է» եւ թերեւս պիտի աւելցնէր` «թէեւ` ոչ այնքան կարեւոր, որքան կը կարծեն ոմանք»: Սակայն, եթէ շատերուն ուղեղին մէջ առաջնահերթ չէ այն հարցը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գրել բառերը, անդին` ակներեւ է հարցին առօրեայ տաղտկալի ներկայութիւնը. վկայ` ուղղագրութիւնը ստուգող համակարգչային ծրագիրներու գոյութիւնը եւ դպրոցներու մէջ ուղղագրութեան քննութիւնները, ինչպէս նաեւ` գոյութիւնը բառերու ուղղագրութիւնը յիշելու ծառայող արուեստին, օրինակ` պատուարժան «այ. պիֆոր ի. էքսեփթ աֆթըր սի.»-ն (հայերէնի մէջ պիտի ըսէինք` «նու»-էն առաջ «եէչ» կու գայ):

Այս ձեւի երեւոյթներ կ՛ապացուցեն, թէ ուղղագրական անկանոն ձեւերը որքա՛ն կ՛անհանգստացնեն մեզ: Շատոնց դժգոհութեան նիւթ է անգլերէն ուղղագրութիւնը, որուն վրայ կը կեդրոնանայ Հորոպին, թէեւ որոշ բաներ կ՛ըսէ նաեւ ֆրանսերէնի, հոլանտերէնի եւ գերմաներէնի մէջ կատարուած ուղղագրական բարեփոխութիւններուն մասին: Լսած ենք մեղմ քննադատութիւններ. օրինակ` Ճերոմ Ք. Ճերոմ «Տը Կարտիըն» թերթին մէջ գրած է, թէ անգլերէն ուղղագրութիւնը «կը թուի, թէ ձեւաւորուած է գլխաւորաբար հնչիւնաբանութիւնը ծպտելու նպատակով»: Սակայն նաեւ լսած ենք խայթող քննադատութիւններ. աւստրիացի լեզուագէտ Մարիօ Վանտրուշքայի կարծիքով, անիկա «նախատինք մըն է` մարդկային խելացութեան ուղղուած»: Վստահաբար ամէնէն աւելի տարածուած է ափսոսանքը: Հետեւաբար կը զարմանանք, երբ կը կարդանք Նոամ Չոմսքիի եւ Մորիս Հալի այն գնահատումը, որ կ՛ըսէ, թէ անգլերէնը «յատկանշանականօրէն շատ մօտ է ըլլալու լաւագոյն եւ կատարեալ… լեզուական համակարգը»:

Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս Հորոպին, որ նախապէս գրած է միայն Չոսըրի մասին, այսքան հեռու չ՛երթար: Սակայն ան կը վիճի ուղղագրական բարեփոխութեան դէմ` մեկնելով այն գաղափարէն, թէ անգլերէն ուղղագրութեան բարդ եւ անկանոն մանրամասնութիւնները «ապացոյցն են մեր լեզուական ժառանգութեան հարստութեան եւ կապ մը` մեր գրական անցեալին հետ»:

Հորոպին նախ կ՛ակնարկէ սխալ ուղղագրութեան դէմ ընկերային խարանին: Ան կը մէջբերէ 18-րդ դարու դիւանագէտ Լորտ Չեսթըրֆիլտը, որ անաղարտ ուղղագրութիւնը նկարագրած է իբրեւ «բացարձակ անհրաժեշտութիւն» եւ պատմած է «որոշ մակարդակի տէր մարդու մը մասին, որ ընդմիշտ ծաղրանքի առարկայ եղած է այն օրէն, երբ «հոլսըմ» բառը գրած է առանց «տապըլիու.ի»»: Չեսթըրֆիլտի համար, որ ընկերային բոլոր վիճակներուն մէջ գերհոգածութեան ջատագովն էր, «տապըլիու.» տառին մոռացութիւնը նոյնքան աղէտալի էր, որքան` նորածին մը գիրկէդ վար ձգելը:

Նախապաշարումը

Չեսթըրֆիլտի մօտեցումը պարզապէս զարդարուն մէկ տարբերակն էր սովորական նախապաշարումի մը: Ուղղագրութեան տիրապետելը սովորաբար կը նկատուի դասաւորուած ուղեղի մը ապացոյցը: Իսկ անոնք, որոնք լաւ ուղղագրութիւն չեն գիտեր, կը նկատուին անմիտ եւ կը ստանան համապատասխան վերաբերում, որքան ալ հակառակը փաստող ապացոյցներ ունենան: Միեւնոյնն է, մարդիկ կը կարծեն, թէ անոնք չեն գիտեր, որ սխալ կը գրեն: Հորոպին դիտել կու տայ, թէ անփոյթ ուղղագրութիւնը «յաճախ կը նկատուի իբրեւ անձի մը բարոյականութեան մէկ ցուցանիշը»: Ճիշդ է. այլոց զարտուղի ուղղագրութիւնը կը նկատենք զարտուղի բնաւորութեան ապացոյց: Գործի դիմումնագիրի մը վերջաւորութեան սխալ ուղղագրութեամբ «սպասելով ձեր պատասխանին» գրելը չի նպաստեր դիմողին գործի ընդունուելու հեռանկարին: Նաեւ պիտի չփափաքէինք սխալ ուղղագրութեամբ ծանուցուած համակարգիչ մը կամ զարդեղէն մը գնել համացանցի մէկ շուկային` իՊէյի վրայ, ճաշել սրճարանի մը մէջ, որ կը հրամցնէ սխալ ուղղագրութեամբ «օրուան ճաշ» մը, կամ` ե-նամակի մեր տուփիկին մէջ ստանալ ընկերութեան մը կողմէ մեզի հասցէագրուած շռայլ խօսքերը` մեր անունին սխալ ուղղագրութեամբ:

Հորոպին կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս Թոնի Պլեր իր վարչապետութեան ժամանակ գրութեան մը մէջ երեք անգամ սխալ գրած էր «թումարօ» բառը: Վախնալով, որ Պլեր կրնար ծաղրանքի առարկայ դառնալ, կացութիւն փրկելու վարպետներ փութացած էին յայտարարելու, թէ երկու «օ»ով գրուած անոր «թումարօ»-ն իրականութեան մէջ սխալ մը չէր, այլ պարզապէս ապացոյցը` վարչապետին զարդարուն գրելաոճին: Հորոպին անխուսափելիօրէն կը յիշէ նաեւ Տան Քուէյլը` Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի 44-րդ նախագահը, որ յաճախ կը գործէր անմոռանալի անխոհեմ արարքներ: 1992-ին Քուէյլ ծաղր ու ծանակի ենթակայ դարձաւ, երբ Նիւ Ճըրզիի մէջ սրբագրեց 12 տարեկան դպրոցական մանչուկի մը ուղղագրութիւնը` ըսելով, թէ «փոթէյթօ» բառին վերջաւորութեան «ի.» մը պէտք էր աւելցնէր: «Գրեթէ ճիշդ գրած ես… բայց վերջաւորութեան «ի.» մը կայ», ըսած էր ան: Բաւական ամօթալի էր, որ Քուէյլ չէր գիտեր «փոթէյթօ» բառին ճիշդ ուղղագրութիւնը, սակայն ան աւելի մեծ յանցանք մը գործած էր`  խանգարելով ճիգերը մէկու մը, որ գիտէր բառը ճիշդ գրել. միջամտութիւնը յայտնաբար անտեղի ինքնավստահութեան մը ախտանշանն էր:

Կեցուածքներու եւ ճշգրտութեան վերաբերող շարք մը հարցադրումներ կատարելէ ետք Հորոպին նիւթը կը զարգացնէ այլ ուղղութեամբ: Ան կը հիւսէ անգլերէն ուղղագրութեան մէկ կուռ պատմութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով դերը անոնց, որոնք անհատական նախաձեռնութեամբ չափանիշներ հաստատած են: Անոնց շարքին են անուանի դէմքեր, ինչպէս` Սամուել Ճոնսըն, որուն բազմաթիւ միջամտութիւններուն մաս կը կազմէր «council» (վարչական խորհուրդ) եւ «counsel» (իրաւաբան կամ խրատել) բառերուն միջեւ տարբերութիւն մը դնելը, նաեւ Ճորճ Պեռնըրտ Շօ, որ ըսած է, թէ «Շէյքսփիր հաւանաբար երկու կամ երեք թատերախաղ աւելի գրած պիտի ըլլար, եթէ իր անունը 11 տառերով գրելու փոխարէն` գրէր 7 տառերով»: Շօ տուեալ նախադասութեան մէջ Շէյքսփիր անունը գրած է առանց վերջին «ի.»-ին: Նուազ ծանօթ անուն մըն է Ռիչըրտ Հոճըզ, որ անգլերէնի ուղղագրական կանոնները հասկնալու իր ճիգերը ամփոփած է 1644-ին գրած իր «Տի ինկլիշ փրայմռոզ» գիրքին մէջ:

Հորոպինի գիրքը կը պարունակէ բաւական հետաքրքրական տեղեկութիւններ: Ան 1871-ին հրատարակուած «Տը Հուժըր սքուլմասթըր» վերնագիրով գիրք մը կը բնորոշէ իբրեւ արդի ուղղագրութեան ներշնչման աղբիւրը, թէեւ չի նշեր, թէ անիկա վէպ մըն է. մեթոտական կրօնաւոր Էտուըրտ Էկըլսթընի գգացական մէկ ճիգին արդիւնքը: Հորոպին նաեւ կը նշէ, թէ Չոսըրի գրութիւնները միջնադարու այլ հեղինակներէ տարբեր ձեւով կը խմբագրուին: «Սըր Կաուին էնտ տը կրին նայթ»-ը, որ գրուած է 14-րդ դարու վերջերուն, այսօր եւս կը տպագրուի միջնադարեան անկլօ-սաքսոն անգլերէնին յատուկ, իսկ այժմ արդէն չգործածուող թորն (Þ) եւ եոկ (ʒ) տառերով: Սակայն Չոսըր, որ կը գրէր նոյն ժամանակներուն, ներկայիս կը հրատարակուի այս հնամեայ տառերէն զերծ ուղղագրութեամբ: Ասիկա ճարպիկօրէն Չոսըրը մատչելի եւ աւելի արդի հեղինակի մը վերածելու տպաւորութիւնը կը ստեղծէ:

Կայունութիւնը Համազօր Է Յստակութեան

Թէեւ Հորոպին զգաստ եւ խելացի ուղեցոյց մըն է նման հարցերու մէջ, սակայն ան չի խորանար գիրքին վերնագիրով դրած հարցին փիլիսոփայական երեւոյթներուն մէջ: Ինչո՞ւ կը զգանք, որ կարիքը ունինք ուղղագրական անփոփոխ կանոններու: Ընդունուած պատասխանը պիտի ըլլար այն, որ կայունութիւնը համազօր է յստակութեան, իսկ անկայունութիւնը կը պղտորէ միտքը:

Տարբեր պատասխան մը, որ պիտի չտրուէր ասկէ 50 տարի առաջ, այն է, թէ կայուն ուղղագրութիւնը կը դիւրացնէ ելեկտրոնային միջոցներով պահուած տեղեկութիւններու որոնումը: Օրինակ, եթէ ուզենք համացանցի վրայ հրապարակուած Պարաք Օպամայի մէկ խօսքին մէջ փնտռել «փոփոխութիւն» բառը, եւ կարդալ, թէ իւրաքանչիւր անգամ ինչպէ՛ս գործածուած է անիկա, լաւ պիտի ըլլար, եթէ «փոփոխութիւն» բառը հինգ տարբեր ձեւերով գրուած չըլլար:

Խիստ անփոփոխ ուղղագրութեան պաշտպաններ կը շեշտեն, թէ անիկա հեղինակութեան եւ վայելուչ արտայայտութեան շտեմարան մըն է: Բրիտանացի լեզուագէտ Մարք Սեպպա շատ դիպուկ մօտեցումով գրած է այս մասին եւ կ՛արժէ մէջբերել զայն. «Կը հնչենք, որովհետեւ ուղղագրութիւնը մաս կը կազմէ մեր մշակոյթին կազմաւորումին, որովհետեւ մարդկային բոլոր տեսակի գործունէութիւնները, որոնց մէջ ընտրանքը դեր ունի, բնականօրէն հակուած են ստանալու ընկերային նշանակութիւն, որովհետեւ գրաճանաչութիւնը ինքնին կարեւոր է մեր մշակոյթին համար եւ խորապէս մաս կը կազմէ անոր եւ մեր ընկերային գործունէութեան, իսկ ուղղագրութիւնը հիմնականօրէն կ՛աղերսուի գրաճանաչութեան»:

Այսուհանդերձ, ամէն ոք չի մտածեր, թէ ուղղագրութիւնը անհրաժեշտ է: Չեմ հանդիպած բրիտանացի ոեւէ գրագէտի, որ Կապրիել Կարսիա Մարքեզի չափ հեռու գացած է: Քոլոմպիացի այս վիպագիրը եւ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիրը 1990-ական տարիներուն վիճած է, թէ` «ուղղագրութիւնը պէտք է հանգստեան կոչել»: Բազմաթիւ գրագէտներ եւ արուեստագէտներ ոգեւորուած են սխալ ուղղագրութեան բերրի կարելիութիւններով: Դիտումնաւոր կերպով ուղղագրութեան ոչ ընդունուած ձեւեր գործածելը կրնայ ծառայել իբրեւ ըմբոստութիւն արտայայտելու միջոց, որոշ խմբաւորումի մը պատկանելիութեան արտայայտութիւն կամ ընդգծելու` անուն մը (ինչպէս` «Ինկլորիըս պասթըրտծ» ժապաւէնին ծանուցումին մէջ. տեսնել` նկարը): Արդիւնքը կրնայ նպաստաւոր ըլլալ: Կուկըլ եւ Օվալթին (կաթով խմիչք մը: «Ա.») իրենց անունը կը պարտին սխալ ուղղագրութիւններու. այսինքն` googol-ի (1-ի նման գլխաւոր որեւէ թիւ,- «Ա.») եւ Ovomaltine-ի (հաւկիթով եւ կասկով պատրաստուած խմիչք մը ,«Ա.»): Նաեւ պայման չէ, որ սխալ ուղղագրութիւնը խափանէ հասկացողութիւնը, որովհետեւ կարելի՛ է հասկնալ սխալ ուղղագրութեամբ գրուած նախադասութիւն մը:

Անոնք, որոնք կը խրտչին նման քմահաճ փոփոխութիւններէ, համացանցի աշխարհին մէջ պիտի գտնեն ուղղագրութեան սարսափելի գերեզման մը: Իր գիրքին հատու վերջաբանին մէջ Հորոպին կը քննէ արհեստագիտական նոր միջոցները, ներառեալ` տեւաբար շեփորուած Թուիթըրը, որոնք մեզ կը մղեն աւելի սովորական եւ անպաշտօն ոճով հաղորդակցելու: Ան համացանցի վրայ ընկերային հաղորդակցութեան կայքերու բնորոշ խտացուած լեզուն կը նմանցնէ միջնադարեան դպիրներու գործածած յապաւումներուն, որոնք կը ծառայէին արագացնելու ձեռագիրներու ընդօրինակութիւնը: Հորոպին դիտել կու տայ, թէ մինչեւ 18-րդ դար նման կրճատումներ կը գործածուէին առանց գրաքննութեան:

Հոս է, որ կը թափ կը ստանայ Հորոպինի  մօտեցումը: Ան մարտահրաւէր կ՛ուղղէ Անգլերէնի ուղղագրութեան միութեան այն սխալ հաստատումներուն դէմ, որոնք անգլերէն ուղղագրութեան «խառնափնթոր» բնոյթը կը վերագրեն այս լեզուով տպագրող առաջին հրատարակիչներուն անփոյթ մօտեցումին: Հորոպին կը վիճի, թէ ուղղագրութիւնը բարեփոխողները յաճախ անտեղեակ են պատմութեան, վարպետ են ահազանգ հնչեցնելու, գաղափար չունին տարբեր հնչիւնաբանութիւններու մասին եւ այնքա՛ն ինքնավստահ են, որ չեն մտածեր, թէ արդեօք հանրութիւնը որքանո՞վ պիտի ընդունի իրենց կատարած գլխիվայր փոփոխութիւնները:

Հորոպինի համար ուղղագրութիւնը կարեւոր է: Աւելի ճիշդ` մեր ներկայ ուղղագրութիւնը կարեւոր է: Սովորաբար ուղղագրութեան հետ կը վարուինք այնպէս, կարծէք անիկա գործիք մըն է, արհեստագիտութիւն մը, որ լաւագոյն պարագային կը ստեղծէ երկու անձերու միջեւ հաղորդակցութեան միջոց մը` ձայներու եւ տառերու միջեւ: Սակայն իրականութեան մէջ ուղղագրութիւնը մշակութային իրագործում մըն է եւ լեզուին պատմութեան արձանագրութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES