Խառն Ամուսնութիւնները Եւ Անոնց Ազգավնաս Անդրադարձը

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Ազգային մտահոգիչ հարցի վերածուած է խառն ամուսնութիւններու ազգավնաս իրողութիւնը: Ազգովին մտահոգուած ենք, բայց կ՛արտայայտենք միայն անոնց ստեղծած անպատեհութիւնները: Այնպէս կը թուի, թէ լռելեայն իրաւունք տուած ենք մեր զաւակներուն, աղջիկ ըլլան թէ մանչ, համակերպիլ շուտով, որովհետեւ յարմարութիւններ ստեղծուած են ինչ-ինչ հարցերու լուծման պարագային: Առաջնահերթութիւնը նիւթական առաւելութիւններո՞ւ կը տրուի, թէ՞ ՍԷՐ բառին խոնարհումին: Այս պարագային պատճառաբանութիւններ կան, որոնց հիմնականը օտարութեան մէջ հասակ առնող երիտասարդութեան կը վերաբերի: Այս իրողութեան կը հետեւի օտար դպրոցներու մէջ ուսում առնողներու պարագան, այս ալ` մանկապարտէզի տարիներէն, հայանուն ծնողաց արտօնութեամբ: Կ՛արհամարհենք մեր արժէքները, մեր ունեցածը, մեր ազգայինը, դուռ կը բանանք օտարամոլութեան` քանի մը տարի ետք սկսելու համար մեր ծունկերը ծեծելու. «Աղջիկը սիրահարուած է իր օտար դասընկերոջ, տղան ալ իր օտար դասընկերուհիին»:

Երբ ուսանելու պատրաստ երիտասարդները դէպի համալսարան ուղղուին, հոս ալ յանկարծ հոգեփոխութիւն կ՛ունենայ մեր աղջիկը կամ տղան, դիւրութիւն կ՛ունենայ ընկերային մտերմիկ յարաբերութիւններ ստեղծելու, ու հարցը հոս կ՛ունենայ արդէն իր վերջակէտը…

Ո՞ւր մնաց ազգային գոյն եւ զգացում պահելու մեր առաջնահերթ պարտաւորութիւնը:

Օտար ամուսնութիւններ երբեմն կը պատահէին շատ քիչ համեմատութեամբ, եւ այդ երեւոյթը մատնանիշ կ՛ըլլար: Երբ այսպիսի եղելութիւն մը տեսնուէր, զարմանքով եւ քիչ մըն ալ արհամարհանքով կ՛ընկալուէր երեւոյթը: Ժողովուրդը չէր մոռնար, թէ այսինչ անձնաւորութիւնը, որ ազգային խմորի շաղուածք ունի, ամուսնացած է օտարի մը հետ, որ ընդհանրապէս հրեայ կ՛ըլլար… Միջին Արեւելքի մէջ ներկայիս հրեայի հետ կեանք կիսելու հարց գրեթէ չկայ, բայց յառաջդիմած է խառն ամուսնութիւններու արշաւը, տարատեսակ, համաշխարհայնացնող մեր փափաքներով, ինքնամոռաց, ազգամոռաց տրամադրութիւններով: Նկատի չ՛առնուիր ոչ թէ սոսկ ազգութեան տեսակը, այլ մինչեւ իսկ` դաւանանքի ոլորտը: Միայն թէ կնքուի ամուսնութիւնը, փրկելու «մեր աղջիկը կամ մեր տղան»: Յետոյ, յետոյ ի՞նչ. խնամիական կապեր ու խզում, քիչ ետք` ամուսնալուծում, որովհետեւ վերջ գտած է հովուերգութիւնը:

Երկու երիտասարդ սեռերու միացումին պատճառը ընդհանրապէս կ՛ըլլար դրացնութեան, աշխատանքի ճամբով կամ ուսումնական առիթներով: Այս պարագային ալ խառն ամուսնութիւններու «քանակը» «օրտինաթէօր»-ին դիմաց նստած` մեր ջահելները հետաքրքրութեան փորձով ճամբայ կ՛ելլեն ու յանկարծ «ճամբեզրին» կը հանդիպին անորոշ դիմագիծով անձի մը, որ կրնայ նոյնիսկ ամուսնացած անձ մը ըլլալ: Հեքիաթ չենք պատմեր, իրական տուեալներ են, ողբերգութիւններ պատահած են նոյնիսկ մեր հայկական ընտանիքներու մէջ: Կը ճանչնանք աւանդապահ, քիչ մը խիստ հսկողութեամբ ծնողներու զաւակներ, որոնք ամենայն յանդգնութեամբ հեռացած են ընտանեկան օճախէն:

Ինչպէ՞ս դիմագրաւել այս ԱՂԷՏԸ: Այո, այս ալ աղէտ է ՑՈՒՆԱՄԻի պէս կլլող, ոչնչացնող աղէտ մը, զոր կը ստեղծենք մեր կամքով եւ ոչ` բնութեան կամ նախախնամութեան:

Միացեալ Նահանգներու մէջ այս օրերուն ստեղծուած է հայկական յանձնախումբ մը` խառն ամուսնութիւններու արշաւը թեթեւցնելու առաջադրանքով: Ուշ չէ՞ արդեօք: Բայց եկէք ըսենք` «Լաւ է ուշ, քան երբեք»:

Ինչ կը վերաբերի լիբանանեան մեր գաղութին մէջ երեւցած օտարամոլութեան ՍԷՐին, կը զարմանանք: Պարզապէս արգահատանք կ՛ունենանք հանդէպ այն ծնողներուն, որոնք կ՛անտեսեն մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր արժէքները: Այսպիսիներուն մտահոգութիւնը միայն օտար լեզու մը գիտնալը այդ լեզուին տիրոջ նման ճիշդ խօսելու մարմաջն է: Եթէ ճիշդ օտարին հնչեղութեամբ չխօսի, բայց լեզուին քերականական կամ առոգանական օրէնքներուն անսխալ արտայայտիչը կրնայ ըլլալ ան եւ արժանանալ օտարին գնահատանքին: Նայեցէք ձեր շուրջը, մեր ազգային կամ հայկական վարժարաններէն շրջանաւարտներու փաղանգ մը ունինք, որ տիրապետած ըլլալով մեր լեզուին ու մեր մշակոյթին` արդարացուցած է իր հայկական ուսումը, օտարներուն մէջ իր արտայայտած օտար լեզուներու ամենայն գիտութեամբ: Պարզապէս շփացած կամ պարծենկոտ ծնողներու հոգեբանութեան հետեւանքն է օտարամոլութիւնը:

Այս օրերուն ապրիլ 24-ը պիտի յիշենք: Խառն ամուսնութիւններ կնքած մեր զաւակները ի՛նչ սրտով պիտի միանան մեզի… Անոնց կողակիցին արտասանած քանի մը հայերէն բառերը մխիթարութի՞ւն պիտի նկատուի: Հազար ափսոս մեր կոյսերուն, Եփրատ նետուող մեր հայուհիներուն, որոնք պատիւ փրկելու համար նախընտրեցին խեղդամահ ըլլալ, քան թէ` «խեղդուիլ» անգութ թշնամիին ճիրաններէն:

Վստահ ենք` պատճառաբանողներ ըլլան մեր տրամադրութեան, պատասխանելով մեր ընդվզումին.

– Վա՜յ ինչ կ՛ըսէք, մեր ընտրած հարսնցուները կամ փեսացուները պատուաւոր ազգերու զաւակներ են: Մատի վրայ կը համրուին անոնք, իսկ միւս ստորադասները հապա՞, սեւ կամ ճերմակ… Ստամոքս կ՛ուզէ մարսելու նման պժգանք:

Եկէք` ճշդենք այս մութ հարցը: Չըսենք` մարդը մարդ է, որ համաշխարհային ապրելաձեւի բնոյթ ունի, բայց ամէն հայ` հայ չէ, ընդունեցէք այս: Քիչ է մեր թիւը, մի՛ պակսեցնէք, մի՛ նուազեցնէք «պնակ մը ոսպապուրի» կամ քանի մը տոլարի փոխարէն: Մեր զաւակները դաստիարակենք հայաշունչ մթնոլորտի մէջ, սթափեցնենք այդ միւս հայը, որ արթննայ եւ դադրեցնէ հայասպանութեան, ազգասպանութեան ոճիրը:

Հայե՛ր, արթնցէ՛ք: Մեր թիւը կը պակսի, մեր տեսակը պէտք չէ պակսի: Աշխարհի մէջ անյայտացող անասուններու բացակայութեան մասին կը մտածեն եւ միջոցներ ձեռք կ՛առնեն անոնց տեսակը բազմացնելու:

Եթէ նոյնիսկ մեզմէ միլիոնին վրայ մէկ թիւ պակսի, մեծ վնաս է: Բազմամիլիոն ազգերու հոգն իսկ չէ, երբ քանի մը միլիոն օտարանայ: Նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ դասական հարազատ ամերիկացիները նուազած են ու դարձած` փոքրաքանակ: Ականջ ունեցողը թող լսէ…

 

Share this Article
CATEGORIES