Անդրադարձ. Թատերական Համանուագ` «Գիշատիչ»-ներու Մասնակցութեամբ
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Հաւատացողն ենք, որ թատերական իւրաքանչիւր ներկայացում անպայման իրեն հետ կը բերէ արուեստի համ մը, զգացումի կշռոյթ մը, իւրայատուկ մտածողութիւն մը, եթէ երբեք անիկա կը ներառէ արուեստի տարրական չափանիշեր ու մտածումի մղող խոր հասկացողութիւններ:
Այս պարագային, արդար է ըսել, որ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի բեմադրած «Գիշատիչներու խրախաճանքը»` իր մէջ պարփակելով հանդերձ արուեստի շունչն ու չափորոշիչները, այլապէս յայտնութիւն մը եղաւ թատերասէր հասարակութեան համար, ծանօթանալու նաեւ դերասան Ռոպերթ Առաքելեանի բեմական բացառիկ ունակութիւններուն, խաղարկութեան եզակի ոճին, խորաթափանց եւ հմայող կեցուածքին, դերասանութիւն չընելու անոր կարողութեան, ակնդիրը կախարդելու ուժեղ տրամադրութեան, հանդիսատեսի կողքին ու անոր հետ ըլլալու պատրաստակամութեան, հնչեղ, առոյգ ու ժիր առոգանութեան եւ ամէնէն էականը` թատերական արուեստին ծառայելու առինքնող ինքնեկ գիտակցութեան:
Փակագիծ մը:
Յաճախ ներքին ձայնի մը ականջալուր եւ տակաւ զարգացող մտքերու պաստառին դիմաց, մենք մեզի հարց ենք տուեր, թէ հա՞րկ է այլեւս հայ թատրոնի վերաբերեալ մեր մօտեցումներուն եւ ըմբռնումներուն մէջ շեշտակի կերպով շրջադարձ ապրիլ եւ կամ արժեւորումներուն հենքը փոփոխութեան ենթարկել:
Այլ խօսքով, թատերական արուեստին նկատմամբ առգոյ դասական մեր ընկալումներուն ու խիստ արժեչափերուն արդեօք պէ՞տք է կառչած մնալ, թէ ա՛լ անհրաժեշտութիւն է դարձած միանգամընդմիշտ ձերբազատիլ կարծրատիպ համոզումներէ եւ կաշկանդումներէ:
Թէ ինչո՛ւ նման մտասեւեռումներու տեղիք կու տանք, պարզապէս յստակացնելու, թէ առհասարակ սփիւռքահայ իրականութեան վերաբերող թատերական արուեստի որեւէ կողմնորոշում իր պարփակեալ խորհուրդով եւ բովանդակային հասկացողութեամբ ունի աւելի քան դաստիարակիչ բնոյթ եւ նպատակասլաց առաջադրութիւն:
Այսինքն, հայ թատրոնի վերապահուած առաքելութեան կիզակէտը եթէ մէկ կողմէ անոր տիրական եւ ուժեղ ներկայութիւնն է` իր բազմապիսի յատկութիւններով (բեմադրիչ, դերուսոյց, որակեալ դերասան, բեմական անխուսափելի տուեալներ, նիւթ, արուեստի չափանիշեր, նորարար մօտեցումներ, ժամանակի շունչին յանկուցիչ մտքեր եւ այլն), ապա, միւս կողմէ անոր պատուանդանը պէտք է հանդիսանայ այն խոր գիտակցութիւնը, թէ բեմին ծառայելու եւ անով ապրելու կամքը, շնորհն ու անհատական ունակութիւնները առանցքային կարեւորութիւն ունին, ո՛չ միայն կարենալ կլանելու թատերասէր զանգուածն ու ժողովուրդը համակ, այլեւ հակազդեցութիւններու քուրա մը ստեղծելու, հոգեփոխիչ մթնոլորտի մը ներքեւ:
Անցնինք:
Տեսակ մը կրկնակի խորհուրդ կը պարփակէ այն երեւոյթը, որ Համազգայինի հիմնադրութեան 85¬ին առիթով, նոյնինքն Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը որոշում է կայացուցեր բեմ բարձրացնելու Վահէ Քաչայի «Գիշատիչներու խրախճանքը» թատերական կտորը, որ խորքին մէջ սփիւռքահայ հեղինակին հոգեբանական բարդ ներաշխարհին ու կեանքին հանդէպ ունեցած արտասովոր խայծերուն եւ մտասեւեռումներուն մէկ դիպուկ արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ:
Այսինքն, Վահէ Քաչայի կենսափիլիսոփայութեան, մտաւորական ըմբռնումներուն թէ մարդկային բնազդին ու կազմաւորումին հանդէպ անոր ունեցած հաստատ համոզումներուն առանցքը, եթէ մէկ կողմէ մարդ արարածի կերպարն է իր թաքուն ու խենեշ ներաշխարհով, շատ անգամ ինքնաժխտումի մօտեցումով, ապա միւս կողմէ արեւմուտքի մէջ ապրած եւ ստեղծագործած գրողին համար` հայոց սեւ ճակատագիրի անդոհանքը իր խոր արտայայտութեամբ խլրտացող էատարր է անոր ողջ գրականութեան տարածքին:
Եւ հոս կը կայանայ Վահէ Քաչա հոգեբանի, գրող¬մտաւորականի, թատերագիրի, արտակեդրոն մարդու թէ գեղագէտի անհատականութեան իւրայատկութիւնը, որով կրցած է նուաճել միջազգային գրական հարթակներ:
Արդ,
Իբրեւ սկիզբ, նման թատրերգութեան մը կեանքի կոչելու նախաձեռնութիւնը արդէն քաջ ու յանդուգն կեցուածքի մը բացայայտ դրսեւորումն է վաստակաւոր բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի կողմէ:
Պատեհ է ըսել նաեւ, որ եթէ երբեք խորագիրով մատնանշեցինք թատերական համանուագ մը ըլլալու հասկացողութիւնը, պարզապէս ի յայտ բերելու այն ճշմարտութիւն, թէ մատուցուած թատրերգութեան ետին կը կանգնէր աւելի քան երկտասնեակ նուիրեալներու փաղանգ մը, յանձինս` թարգմանիչի, թատրերգութեան վերածողի, Արեւմտահայերէնի վերածողի, սրբագրիչի, գեղարուեստական ղեկավարի, երաժշտական ձեւաւորողի, պարային շարժումներու հետեւողի, տարազները իրագործողի, բեմայարդարողի, դիմայարդարողի, բեմավարի, վարչական պատասխանատուի, ձայնասփռողի թէ որմազդի յղացողի, որոնց ներդրումով այլապէս հարստացած էր ներկայացումը:
Ընդգծումներ:
Որպէսզի ինքնագոհութեան եւ շռայլամտութեան զոհեր չդառնանք, պարտք կը զգանք նաեւ մատնանշել այնպիսի նկատառելի երեւոյթներ, որոնց սրբագրումով` յաւելեալ փայլք ու դրոշմ պիտի ապահովուէր տուեալ թատերական ներկայացումին:
Փաստօրէն, վերեւի այն մատնանշումը, ինչ կը վերաբերէր Ռոպերթ Առաքելեանի դերասանական հմայքին ու կշիռին, իր մէջ կը ներառէր դիտաւորութիւն մը, միանգամայն ըսելու, թէ անիկա հիմնարար ազդակ է հանդիսացեր ամբողջ ներկայացումին ուժեղ ու տիրական մատուցման:
Այսինքն, Վիլքերի (Ռոպերթ Առաքելեան) կեդրոնական դէմք ըլլալու առանձնայատկութիւնը, որոշապէս շնչաւորած էր ամբողջ փիես-ը` զայն փրկելով տափակութենէ եւ միապաղաղ ընթացքէ:
Սա չի նշանակեր, որ բեմադրիչին կողմէ վրիպում մըն էր ատիկա, այլ մտայղացք մը, հաւանաբար բոլորիս հասկցնելու համար, որ նման ծանրախոհ հեղինակներու ստեղծագործութիւններու նկատմամբ հարկ է ցուցաբերել նոյնքան հեղինակադրոշմ եւ նախանձախնդիր մօտեցում:
Այլ ասած, ձեւով մը լռելեայն զիրար (հանդիսատես¬բեմադրիչ) «ամբաստանելու» փորձ մըն էր հայ կեանքի կրկէսին մէջ, ուր բեմադրիչը կը զարգացնէր նաեւ այն տեսակէտը, թէ ի՞նչ կարելի է ընել առկայ պայմաններու մէջ թէ ընձեռուած կարելիութիւններով, երբ տակաւ կը բացակային արհեստավարժ ու տաղանդաւոր դերասաններն ու արուեստի երկրպագուները:
Ի դէպ, արուեստասէր հասարակութեան գոհունակութիւնը նաեւ այս դիտանկիւնէն հարկ է նկատի ունենալ, երբ վաստակաւոր բեմադրիչը յանդգնութիւնը կ՛ունենայ բեմ բարձրացնել նորընծաներ, որոնք թէեւ մատուցին իրենց կարելին, այդուամենայնիւ անոնց կը պակսէր թատերական փորձառութիւնն ու բեմին տիրապետելու ուժականութիւնը:
Այսպէս, Թիմաքոֆի (Ճորճ Այիթեան), Ֆրանսուազի (Արմիկ Քէրքէզեան) եւ գերմանացի սպայի (Պարգեւ Սամուէլեան) դերերը ճիշդ է, որ ունէին որոշակի յատկութիւններ, ձեւով մը պերճանք, այդուհանդերձ, անոնք ցոյց պէտք է տային թատերական որակի հանգամանքներ, կերպարներու էութեան թափանցելու կարողութիւն եւ անոնց հետ նեարդային կապ ստեղծելու ունակութիւն:
Տոքթ. Քարթի (Նժդեհ Մկրտիչեան) ներկայութիւնը բեմին վրայ ողջունելի էր: Իբրեւ նորընծայ եւ սակայն բազմաթիւ ներկայացումներու մասնակից, տակաւ զգալի էին անոր թատերական փորձառութիւն վաստկելու ճիգը: Սակայն, կը կարծենք, թէ եթէ երբեք անոր վստահուած ըլլար սպայի դերը, ի յայտ պիտի գային անոր դերասանական հոգեգրաւ ունակութիւնները (թաւ ձայն, թիկնեղ կազմ, տիպարային յատկութիւն եւ այլն):
Լիբանանահայ թատերասէրի մտքին մէջ արդէն արուեստագէտի խայծեր դրոշմած են Պրիժիթ (Յաւերժ Շխըրտմեան), Վիքթոր (Հրակ Տեմիրճեան եւ Փիեռ (Նարեկ Առաքելեան):
Այս առումով հարկ է կարեւորութեամբ շեշտել, որ յոյժ զգալի են անոնց այսպէս ասած յառաջխաղացքը հայ բեմին ծառայելու իրենց պատրաստակամութեան մէջ:
Փաստօրէն, երբ տարբեր առիթներու կը շեշտուէր, որ անոնք պէտք է ձերբազատէին կարգ մը սոսկական աւելորդ արտայայտութիւններէ եւ ա՛լ անցնէին կայացած հանգրուան, հոս, արդէն ականատես եղանք նման անցումային մակարդակի (առոգանութիւն, ձայնային տուեալներ, բեմարուեստ, հաղորդակցելու կարողութիւն եւ այլն):
Միւս կողմէ, ուշագրաւ էր Փիեռի (Նարեկ Առաքելեան) ստանձնած դերը` մարմնաւորելով տեսողութենէ զուրկ անհատի մը թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեբանական արտայայտութիւնները:
Ճիշդ է, որ ան յաջողեցաւ իր լրումին հասցնել իրեն վստահուած կերպարին յատկութիւնները, սակայն, ան ամբողջութեամբ չէր ընդելուզուած տուեալ դերին (կոյր ըլլալու) հետ, ինչ որ կամայ¬ակամայ ակներեւ կը դարձնէին փոքր թերացումներ: Միւս կողմէ, Նարեկի դերասանական շնորհներն ու թատերական յատկութիւնները ընդգծելի են, մանաւանդ մարտահրաւէրներով ակնյայտ դերերու մէջ ինքզինք փաստելու ատակութեամբ:
Յստակացնենք:
Վահէ Քաչայի «Գիշատիչներու խրախճանքը» թատրերգութիւնը իր ժամանակաշրջանով (Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ), վայրով ու մթնոլորտով (գերմանացիներու կողմէ Ֆրանսայի գրաւումը), ստեղծուած անախորժ կացութիւններու թէ բռնագրաւողի արհաւիրքով լեցուն կեանքի մը ընթացքը ամբողջութեամբ եռեւեփող էր բեմին վրայ:
Տարեդարձի մը առիթով կազմակերպուած հաւաքոյթը` հրաւիրեալ բարեկամներու մասնակցութեամբ տպաւորիչ էր, իսկ յանկարծակիօրէն շէնքին մօտ երկու գերմանացի սպաներու զգետնումը ազգայնականներու ձեռամբ` շարժառիթն էր հետագայ բոլոր զարգացումներուն:
Գերմանացի սպան մուտք կը գործէ Վիքթորի բնակարանը ու կը պահանջէ, որ իրեն յանձնուին երկու հոգի, փախստական ահաբեկիչներու փոխարէն:
Հանդիսատեսը ականատես կը դառնայ զգայացունց դիպաշարերու իրերայաջորդ ընթացքի մը, ուր ի յայտ կու գան մարդկային կեանքի ամէնէն ողբերգական դրսեւորումները, մահուան ճիրաններէն ազատելու ամուլ ճիգին, կեանքին կառչած մնալու եւ սեփական մաշկ փրկելու բնազդին, փոքրոգութիւններու եւ ամբաստանութիւններու տարափին, նիւթի տիրապետութեան, մարդկային վսեմ եւ առաքինի արժէքներու առուծախին, բարոյահոգեբանական վիճակներու անկումին, գաղափարական աշխարհի քայքայումին ու մանաւանդ ճգնաժամի պահուն` նսեմացած, ստորին մարդկային կերպարի յայտնաբերումին:
Յայտնապէս, հոգեբանական բարդ աշխարհներու բախումին իբրեւ արդիւնք, թատերասէր հասարակութեան դիմաց կը բացուին այնպիսի հորիզոններ, մեղկութեամբ թաթաւուն վիճակներ թէ ամօթանքի պահեր, որոնց կշռոյթով կը ստեղծուին հակազդեցութիւններու եւ ինքնաժխտումի տեսականի նկատառումներ:
Թատերական ներկայացումի աւարտին, հանդիսատեսը հաղորդ եղաւ բարեկամ¬գիշատիչներու թէ հարազատ¬սադայէլներու վատոգի սադրանքներուն, եւ անոնց նկատմամբ դրսեւորեց իր պժգանքն ու զզուանքը:
Սակայն նոյն այդ հոգեկան վիճակին առընթեր, հանդիսատեսի մտքին ու հոգիին մէջ դրոշմուած մնաց բեմական դիպուկ եւ արտայայտիչ խաղի մը ընդգծումը` սեւ ակնոցներու ետին թաքնուած մարդկային ողբերգութիւններու ցարդ անարգել շարունակութիւնը:
Աւարտին, հայ բեմարուեստին ծառայութեան կոչուած աւելի հզօր «գիշատիչ»ներու ակնկալութեամբ, բարի երթ կը մաղթենք բոլորին:

