Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Աբրահամ` Հայր Հաւատացողներուն» (5)

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, քրիստոնե՛այ եւ հա՛յ, քեզի կը ներկայացնեմ Աբրահամ նահապետը քրիստոնէական ու հայկական աւանդութեան մէջ:

Մովսէսի հետ` Աբրահամ կը պատկանի Նոր կտակարանին ամէնէն աւելի յիշուած դէմքերուն: Ան է «հայր հաւատացեալներուն» (Հռմ. 4,11): Խոստումներուն իբր կրողն է, ուստի, քրիստոնեաներուս` «մեր հայրը Աբրահամ» (Յվհ. 8,53. Գ. Առ. 7,2. Հռմ. 4,1):

Թէպէտ Աբրահամէն սերիլը Իսրայէլին համար առանձնաշնորհում է, բայց եւ այնպէս ո՛չ երաշխիք` փրկութեան համար (Մտթ. 3,7-12):

Ս. Պօղոսի համար Աբրահամի հաւատքն է վճռականօրէն անհրաժեշտը, որուն համաձայն, հոգեւոր եւ ոչ մարմնաւոր ազգականութիւնը կ՛որոշէ ժառանգորդները հինկտակարանեան խոստումին (Հռմ. 4,1-25):

«Աբրահամի գոգը» պատկերը, որ հարուստ մարդուն եւ աղքատ Ղազարոսի առակէն ծանօթ է (Ղկ. 16,19-31), ունի երեք մեկնաբանութիւններ, որոնք իրարմէ այնքան ալ հեռու չեն: Առաջին` կը նկատուի սեղանակցութիւնը մեր նահապետին հետ: Երկրորդ` բարեպաշտներուն շնորհուելիք մտերիմ հասարակութիւնը Աբրահամի հետ: Իսկ երրորդ մեկնաբանութիւնը, որ «Աբրահամի գոգ»-ին մէջ կը տեսնէ յետմահու երանութեան վայրը, կու գայ «Եկեղեցւոյ հայրեր»-էն:

«Եկեղեցւոյ հայրեր»-ը Աբրահամի մէջ կը նկատեն ազնիւ եւ ուղղամիտ «բարեկամն Աստուծոյ» (Ես. 41,8. Յակ. 2,23), որ պահեց եւ պահպանեց միշտ առկայ եղած բնութեան օրէնքը (Տերտուղիանոս), ինչպէս ալ ազդեցութիւն ունեցաւ քրիստոնէութեան կրօնական հասկացողութիւններու դրոշմաւորումին վրայ (Եւսեպիոս Կեսարացի):

Ինչպէս հին ժամանակի կամ Հին կտակարանի այլ դէմքեր, նոյնպէս Աբրահամ «Եկեղեցւոյ հայրեր»-էն կը նկատուէին քրիստոնեաներ: Հին ուխտին անցեալին հետ քրիստոնեայ հաւատքին կցումը յստակ է յատկապէս Ս. Օգոստինոսի քով, որուն համար քրիստոնէական եկեղեցին արդէն առկայ էր Աբրահամի մէջ:

Աբրահամ հայ ժողովուրդին մէջ: Աբրահամ հայ ժողովուրդին սիրելի նահապետն է: Այս ճշմարտութեան համար կը գոհանամ տալ երեք փաստեր լոկ: Առաջինը մատենագրական է: Կ՛ուզեմ իմացնել, թէ Ե. դարէն մինչեւ Ժ. դարը, մեր մատենագիրները, ներբողագիրներն ու շարականագիրները յիշատակած են Աբրահամը 475 անգամ:

Յաւելեալ, անոնք հիացած Աբրահամի հաւատքին, հնազանդութեան եւ զոհակատարումին վրայ` նաեւ կը յիշեն անոր Իսահակ որդին 150 անգամ:

Երկրորդ փաստը գեղարուեստական է, այսինքն` Աբրահամ եւ որդին ներկայ են յատկապէս հայ մանրանկարչութեան, բայց նաեւ գեղանկարչութեան մէջ, ինչպէս, օրինակի համար, նշանաւոր Յովնաթան Յ. Յովնաթանեանի (1730-1802) «Աբրահամի զոհաբերութիւնը», որ այսօր մին է «Էջմիածնի գանձեր»-էն:

Երրորդ ապացոյցը ազգագրական է: Ե. դարէն մինչեւ ԺԸ. դարը ունեցած ենք 106 հայ եկեղեցական դէմքեր, մատենագրական հեղինակներ ու պատմական գործիչներ, որոնք կը կոչուէին «Աբրահամ»:

Ծանօթ եւ անծանօթ այս անձերուն վրայ աւելցնենք «Աբրահամ» ու «Աբօ» հարիւրաւոր, եթէ ոչ` հազարաւոր հայազգի անուանակիրները` բացայայտելով այս եղելութիւնը, թէ հայը ոչ միայն սիրած է Աբրահամ Նահապետը, այլ նաեւ յարգած է եւ կը յարգէ` անոր անունը տալով իր որդիներուն:

«Աբրահամ` հայր հաւատացողներուն» է՞ նաեւ մեր հայրը® Առաջին` այս հարցումին կը պատասխանեմ այս հարցադրումով. «Եթէ Յիսուս Աբրահամ նախահօր սերունդէն կը նկատուի եւ Մարիամ Կոյսը Աբրահամ նահապետին գերդաստանէն կը սերի, մենք, որ յիսուսական ու մարեմական հաւատացողները կ՛ուզենք ըլլալ, կ՛ընդունի՞նք Իսահակի հայրը իբրեւ մեր հայրը` անշուշտ, հաւատքի հոգեւոր իմաստով, ինչպէս առաքեալը կը սահմանէ®»:

Երկրորդ` իր Իսահակ որդիին եւ իր Յակոբ թոռնիկին հետ` Աբրահամ միշտ նկատուած է նախահայրը ընտրեալ ժողովուրդին: Հայրն է այն ժողովուրդին, որուն տրուեցաւ «Խոստացուած երկիրը», որ դարձաւ մեր «Սուրբ երկիրը», եւ այն` Յիսուս Քրիստոսով եւ Մարիամ Կուսամօր հետ:

Նորկտակարանեան «Աբրահամի զաւակներ» ըսուածքը (Մտթ. 3,9. Ղկ. 13,16. 19,9 եւ այլն) ալ չի նշանակեր միայն մարմնական սերունդէն ցեղային յաջորդութիւնը: Նաեւ անոնք, որոնք հաւատացողներն են, «Աբրահամի զաւակներն» ալ են (Մտթ. 1,1. Հռմ. 4,1-25):

Երրորդ` տակաւին կայ ուրիշ նորկտակարանեան բառաձեւ մը` «Աբրահամի գոգը» (Ղկ. 16,22), ինչպէս յիշեցի վերը: Ան կը նշանակէ արդարներուն հանգստավայրը, կամ` այն տեղը, ուր ցաւը գոյութիւն չունի:

Այս պատկերը կը փոխանցէ մեզի Ս. Ղուկաս Քրիստոսի պատմած «Հարուստ գէշ մարդը եւ աղքատ Ղազարոս» առակով (Ղկ. 16,19-31), որուն ժխտական հերոսը մահէն ետք կը գտնէ ինքզինք «դժոխքի չարչարանքներուն մէջ», մինչ անկէ առաջ մեռած Ղազարոս աղքատը «հրեշտակները տարին Աբրահամի գոգը»:

Չորրորդ` այս ճշմարտութիւնները կը հաստատեն Ս. Պօղոս.«Եղբայրնե՜ր, (քոյրե՜ր), դուք զաւակներ Աբրահամեան տոհմին եւ դուք Աստուծոյ երկիւղածներ, որ ներկայ էք հոս. փրկութեան այս խօսքերը ուղղուած են ձեզի» (Գ. Առ. 13,26):

Փրկութիւնը կու գայ Հաւատքէն, որ կ՛ապրի Յոյսին մէջ եւ կը գործէ Սիրով: Այս երեք աստուածաբանական առաքինութիւնները կը սնանին, կ՛աճին եւ կը ներգործեն մեր անձին վրայ ու մեր առօրեային մէջ, երբ կը կարդանք Աստուծոյ Խօսքը Ս. Գիրքէն եւ երբ կ՛ունկնդրենք Աստուծոյ Խօսքին քարոզին մէջ:

Հիմա, Հաւատքով, Յոյսով եւ Սիրով սպառազինուելու, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ Խօսքով օժտուելու ու Աստուծոյ Խօսքէն կենցաղավարելու երկնատուր շնորհքին համար ամէն օր աղօթե՛նք եւ խնդրե՛նք, բայց միշտ Մարիամի` իմ հրաշագործ Սիրամօրս միջնորդութեամբ.«Տէ՜ր Յիսուս, աւելցո՛ւր մեր հաւատքը, ինչպէս զայն աւելցուցիր առաքեալներուդ եւ սուրբերուդ»:

Այնճար, 1 Ապրիլ 2013          

Share this Article
CATEGORIES