Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին, միջինարեւելեան երկիրներու 100-ամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու միօրեայ խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 6 ապրիլ 2013-ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» սրահին մէջ:

Խորհրդաժողովը`

Ա.- Քննարկեց իւրաքանչիւր երկրի մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ պահանջատիրութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:

Բ.- Ծանօթացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի միջոցառումները համակարգող  պետական յանձնաժողովի աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Գ.- Օրակարգի յատուկ կէտով քննարկեց Ցեղասպանութեան հատուցման եւ իրաւունքներու վերականգնման իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան համար համապատասխան ուղիներով առաջնորդուելու հնարաւորութիւնները:

Դ.- 100-ամեակի տարուան նախապատրաստական աշխատանքներու ներկայացման շրջագիծին մէջ քննեց իւրաքանչիւր շրջանին մէջ նախատեսուած ծրագիրները եւ շեշտեց անոնցմէ ոմանց իրականացումը յանձնախումբերուն միջեւ համադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Խորհրդաժողովը առաջադրեց.

Ա.- 100-ամեակի յանձնախումբերու նախաձեռնութեամբ պարբերական խորհրդաժողովներ կազմակերպել գաղութներու մէջ գործող հոգեւոր կեդրոններու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու հետ` աշխատանքներուն համագաղութային տարողութիւնը իբրեւ աշխատանքի ուղղութիւն պահելու համար:

Բ.- Շարունակել նախաձեռնել պահանջատիրական պայքարի բոլոր դրսեւորումները հայ ժողովուրդի պատմական բոլո՛ր իրաւունքներուն վերականգնման համար:

Գ.- Նկատի ունենալով միջինարեւելեան երկիրներու գաղութներուն պատմական եւ ռազմավարական կարեւորութիւնը, պայքարիլ տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ժխտողականութեան դէմ` տարբեր ճակատներու վրայ:

Դ.- Հետամուտ ըլլալ եւ սատարել Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման, հատուցման եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան իրաւական թղթածրարի պատրաստութեան եւ ամբողջական արդարութեան վերականգնման բոլոր աշխատանքներուն:

Միջինարեւելեան Երկիրներու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Յանձնախումբերու Ներկայացուցիչներու Խորհրդաժողով

 

6 ապրիլ, 2013
Անթիլիաս

 

Share this Article
CATEGORIES