Կատարողութեամբ Համազգային Պետական Թատրոնին. Ասմունքի, Երգի Եւ Թատերախաղերու Իւրայատուկ Ներկայացումներ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 7 ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային պետական թատրոնի գեղարուեստական յայտագիրը` ղեկավարութեամբ Սօս Սարգսեանի, ներկայութեամբ մեծաթիւ արուեստասէր եւ արուեստագէտ հասարակութեան:

Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայրենի արուեստագէտներ Դաւիթ Յակոբեան, Մխիթար Աւետիսեան, Արման Նաւասարդեան, Տաթեւ Ղազարեան, Նարեկ Պաղտասարեան, Վարշամ Գէորգեան, Նարինէ Գրիգորեան, Արմինէ Անդրէասեան, Սերկէյ Թովմասեան, Վարդան Մկրտչեան (տնօրէն եւ բեմավար) եւ Գայեանէ Անդրէասեան:

Ձեռնարկի սկզբնաւորութեան ներկաները դիտեցին Համազգային պետական թատրոնի ներկայացումներուն մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք Վարդան Մկրտչեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որոնք մնայուն կերպով կը գործակցին եւ քաջալեր կը հանդիսանան Լիբանանի ելոյթներու եւ ներկայացումներու յաջողութեան: Մկրտչեան լաւապէս գնահատեց լիբանանահայ հանդիսատեսը, որուն կարօտը գոյութիւն ունի այլ շրջաններու մէջ:

Շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին Համազգային պետական թատրոնը ասմունքներով, ընթերցումներով, երգերով եւ թատերախաղերով ներկայացուց կոկիկ, որակաւոր գեղարուեստական յայտագիր` արժանանալով ներկաներու գնահատանքին: Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նշեալ խումբի անդամներէն կազմուած թատրոնի երգչախումբը:

Համազգային պետական թատրոնի անդամները ասմունքեցին եւ ընթերցեցին Յովհաննէս Թումանեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Պարոյր Սեւակի, Սօս Սարգսեանի եւ այլ հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն հատուածներ: Ներկաները դիտեցին նաեւ Հայաստանի զօրամասերուն մէջ Համազգային պետական թատրոնի ներկայացումներուն մասին տեսերիզ մը: Յայտնենք, որ հանդիսութեան ձեւաւորման պատասխանատուն էր Դաւիթ Մինասեան, իսկ լոյսի պատասխանատուն` Եուրի Կարապետեան:

Աւարտին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով խօսք առաւ Սարգիս Կիրակոսեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի պետական թատրոնին հետ գործակցութիւնը մնայուն է, եւ յառաջիկային եւս պիտի շարունակուի նմանօրինակ բնոյթի նախաձեռնութիւններով: Կիրակոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան այս գործակցութեան յաջողութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES