Հայաստանի Համազգային Թատրոնը Ներկայացուց «Շան Աղջիկ» Կատակերգութիւնը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Հայաստանի Համազգային թատրոնը` ղեկավարութեամբ Սօս Սարգսեանի, շաբաթ, 6 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուց «Շան աղջիկ» կատակերգութիւնը` բեմադրութեամբ Սաթենիկ Խաչատրեանի եւ ներկայութեամբ արուեստասէր բազմութեան մը:

Մէկուկէս ժամ տեւած ներկայացման նիւթը ժամանակակից ընտանեկան փոխյարաբերութիւններն են, մանաւանդ երբ ներկայ նիւթականացած ժամանակներուն աղօտած են սիրոյ, գուրգուրանքի եւ իրար հասկացողութեան գաղափարները: Ընտանիքի մը հայրը կը հանդիպի ճամբան լքուած շնիկի մը եւ զայն իրեն հետ կը բերէ խնամելու համար: Հոսկէ կը ծագի այն իւրօրինակ համակրանքն ու հաւատարմութիւնը մարդուն եւ անասունին միջեւ, ինչ որ հաշտ աչքով չի դիտուիր շրջապատին կողմէ: Կատակերգութիւնը հոգեբանական խորք ունէր:

Այսպիսով, Հայաստանի Համազգային թատրոնը երրորդ օրն ըլլալով շաբաթ օր լիբանանահայ թատերասէր հասարակութեան մատուցեց արուեստի բարձր մակարդակ:

Share this Article
CATEGORIES