Ճատրակ. Լիբանանի Տարիքային Ախոյեանութիւն. Նանօր Առնելեան Հանդիսացաւ Լիբանանի 10 Տարեկանէն Վար Աղջկանց Ախոյեան

Նանօր Առնելեան (ձախին)

Նախորդ շաբաթավերջին Ժամհուր վարժարանին մէջ սկսան Լիբանանի ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան մրցումները` 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ (տղաք եւ աղջիկներ)` մասնակցութեամբ շուրջ 90 մասնակցողներու:

Թէեւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնը նախապէս յայտարարած էր, որ նախորդ շաբաթավերջին պիտի աւարտին 8 եւ 10 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց մրցումները, սակայն աւարտեցան միայն 8 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց, ինչպէս նաեւ 10 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումները: 10 տարեկանէն վար տղոց մրցումներուն գծով կատարուեցան չորս հանգրուանի մրցումներ:

Ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղարը երէկ երեկոյեան վաւերացուց աւարտած մրցումներուն արդիւնքները: Աղջկանց 10 տարեկանէն վար դասակարգի ախոյեան հանդիսացաւ Նանօր Առնելեան` առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովելով 6 կէտ: Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Նարօտ Գըլըպոզեան (5) եւ Լիակ Մարտիրոսեան (5):

Ինչ կը վերաբերի 8 տարեկանէն վար տղոց մրցումներուն, Մոհամետ Ժաուիշ առաւելագոյն 6 կէտը ապահովելով հանդիսացաւ ախոյեան: Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Ռայան Համտուն (5) եւ Գլակ Մարտիրոսեան (4):

10 տարեկանէն վար (տղաք) 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք առաւելագոյն 4 կէտը ապահոված են Հրակ Լախեան եւ Ատամ Պասսամ:

12 տարեկանէն վար 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք առաւելագոյն 3 կէտը ապահոված են Ճիօ Գալուստ եւ Այատ Ֆարհաթ:

14 տարեկանէն վար 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք առաւելագոյն 3 կէտը ապահոված է Ապտիւլլաթիֆ Հասան:

16 տարեկանէն վար 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք առաւելագոյն 3 կէտը ապահոված են Հրակ Գըլըպոզեան եւ Քարիմ Համուի:

Վերջապէս, 18 տարեկանէն վար 3-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք առաւելագոյն 3 կէտը ապահոված է Մարք Ժեհա:

Նշենք, որ շաբաթ, 13 ապրիլին, տեղի պիտի ունենան 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն 4-րդ հանգրուանի մրցումները, իսկ կիրակի, 14 ապրիլին, 10 (տղաք), 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն 5-րդ եւ 6-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնցմէ ետք տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES