Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Մեծ Քայլերով Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը
Շաբաթ, 6 ապրիլ 2013-ին, աւարտեցան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումները, երբ ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ իրենց երրորդ յաղթանակը արձանագրելով եւ 3-0 արդիւնքով յառաջանալով յաջորդաբար Մութթահետ Թրիփոլիի եւ Անդրանիկ Պէյրութի վրայ, ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը:
Իր կատարած երրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 64-37 արդիւնքով յաղթեց Մութթահետի` մեծ քայլերով ապահովելով աւարտականի իր տոմսը: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 16-9, 18-9, 21-12 եւ 9-7:
Սանտրա Նաժըմ նշանակեց 18 կէտ, իսկ Նաթալի Սվաճեան` 15:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ յաղթած էր 60-38, իսկ երկրորդին` 58-45 արդիւնքով:
Ինչ կը վերաբերի Ռիատի Պէյրութի, անիկա շաբաթ օր 67-40 արդիւնքով յաղթեց Անդրանիկ Պէյրութի:
Անիկա առաջինին յաղթանակ արձանագրած էր 70-43 արդիւնքով, իսկ երկրորդին` 65-54 արդիւնքով:

