Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Նասըր` 1-4
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Պհամտունի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Հիլալ Նասըր մրցումը, որ կ՛իյնայ Լեռնալիբանանի նահանգի Ե. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ:
ՀՄԸՄ չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել իր մրցակիցին դէմ, որ Բ. կիսախաղը ամբողջութեամբ շարունակեց տասը մարզիկով:
Ա. կիսախաղին մրցակից կազմը, որ 2-1 արդիւնքով յառաջացած էր, Բ. կիսախաղին երկու կոլ եւս նշանակելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 4-1 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Շանթ Տեմիրճեան:
CATEGORIES Մարզական

