Պէյրութի Մարաթոնի Միութիւնը Այսօր Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը

Այսօր` երկուշաբթի, 8 ապրիլին, Պէյրութի Մարաթոնի միութիւնը յետմիջօրէի ժամը 17:30-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ յառաջիկայ 26 մայիսին տեղի ունենալիք աղջկանց վազքի մրցումին, որ կը կրէ «Իսկապէս զօրաւոր է» բնաբանը:

Տեղի պիտի ունենան 1,5 եւ 10 քմ վազքի մրցումներ:

Նշենք, որ տեղի ունենալիք աղջկանց այս վազքի մրցումին նախօրեակին, Մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ համաձայնագիր մը կնքեց «ԺԱՏԻՏ» պատկերասփիւռի կայանին հետ, որ վազքի այս մրցումը ուղղակիօրէն պիտի սփռէ 26 մայիսին:

 

Share this Article
CATEGORIES