Մինչ Ուաշինկթըն Միջցամաքային Հրթիռի Մը Փորձարկումը Կը Յետաձգէ. Ըստ Սէուլի, Հիւսիսային Քորէա Չորեքշաբթի Օր Հրթիռ Մը Պիտի Փորձարկէ
Հարաւային Քորէայի կառավարութիւնը` մէջբերելով Փիոնկեանկի աշխատաւորներուն մինչեւ 10 ապրիլ Քեսոնկ ճարտարարուեստական համալիրէն հեռանալու կոչը, երէկ յայտնեց, որ կը հաւատայ, թէ Հիւսիսային Քորէա այդ թուականին մօտ օր մը կրնայ հրթիռ մը փորձարկել:
Սէուլի նախագահական պալատին` Կապոյտ տան բանբեր Քիմ Հենկ աւելցուց, որ Սէուլ «զինուորական պատրաստ վիճակի մէջ է»: Ան ըսաւ, որ Հարաւային Քորէայի ազգային ապահովութեան ղեկավար Քիմ Եանկ Սու նաեւ այս եզրակացութիւնը հիմնաւորած է Հարաւային Քորէայի կողմէ Փիոնկիանկի մէջ գործող օտար դեսպանատուներուն իրենց անձնակազմը երկրէն հեռացնելու կոչին վրայ:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն սխալ հասկացողութեան առիթ չտալու համար միջցամաքային հրթիռի մը նախապէս երեքշաբթի օրուան համար ծրագրուած փորձարկումը յետաձգած է:
Հիւսիսային Քորէայի կողմէ հրթիռներու շարժումներու մասին նոր տեղեկութիւններ Հարաւային Քորէան եւ Միացեալ Նահանգները մղած են պատասխան քայլերու դիմելու: Հարաւային Քորէայի «Եոնհափ» կիսապաշտօնական լրատու գործակալութիւնը Սէուլի մէջ զինուորական աղբիւրներ մէջբերելով հաղորդեց, որ հրթիռներ պատրաստ են արձակուելու:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ Փիոնկիանկ միջին հասողութեամբ հրթիռներ տեղակայած է Հիւսիսային Քորէայի արեւելեան ծովափին մօտ, սակայն մէկ այլ ամերիկացի պաշտօնատար մը յայտնեց, որ այդ առնչութեամբ տեղեկութիւնները վերջնականապէս հաստատուած չեն:
Միացեալ Նահանգներ Արեւմտեան Խաղաղականի մէջ գտնուող եւ ամերիկեան օդուժի եւ ծովուժի ռազմակայաններ ունեցող Կուամի մէջ հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր պիտի տեղակայեն: Հիւսիսային Քորէա այդ շրջանը հրթիռային յարձակումի հաւանական թիրախներու շարքին նշած էր:

