Բանեցուցած Ճնշումին Համար Թուրքիոյ Շնորհակալութիւն Յայտնելէ Ետք «Ասատ Պէտք Է Հեռանայ» Կ՛ըսէ Քերրի
Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ճոն Քերրի եւ Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթը, Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութեանց բնականոնացումը, Սուրիոյ տագնապը, Կիպրոսի մէջ կացութիւնը եւ Իրաքի հետ յարաբերութիւնները:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Տաւութօղլու յայտնեց, որ քննարկած են Միջին Արեւելքի խաղաղութեան հոլովոյթը եւ երկու պետութիւն լուծումի ուղղութեամբ քայլերու պիտի ձեռնարկուին: «Կը յուսանք, որ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան շուրջ նոր հոլովոյթը պիտի վերածուի արդիւնքներու վրայ կեդրոնացող դիւանագիտական քայլի մը», ըսաւ ան:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման, Քերրի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն ուրախ է երկու երկիրներուն հաշտութեան ուղղութեամբ առած քայլերէն: Ան աւելցուց, որ կը յուսայ զանոնք ամբողջացած տեսնել` մասնաւորաբար շեշտելով, որ կարեւոր է, որ Իսրայէլ եւ Թուրքիա հատուցման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնեն եւ իրենց դեսպանները վերադարձնեն: Ան ըսաւ, որ Թուրքիա եւ Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներու համար կարեւոր գործընկերներ են եւ Թուրքիա-Իսրայէլ գործակցութիւնը շրջանի տարածքին մարտահրաւէրներու դիմակայման համար կարեւոր է:
Խօսելով Սուրիոյ տագնապին մասին` Տաւութօղլու յայտնեց, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ համաձայնած են, որ կարելի եղածին չափ մօտ օրէն «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու ժողովի մը պէտք ունին: Ան յայտնեց, որ Քերրիի հետ սուրիական թղթածրարը ամբողջական կերպով քննարկած է:
Քերրի իր կարգին Թուրքիոյ շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ գործադրած ճնշումին եւ սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ ցուցաբերած «առատաձեռնութեան» համար: Ան ըսաւ, որ «խաղաղութեան հաստատման համար պէտք է արագ աշխատինք»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը յայտարարեց, որ Ասատ պէտք է հեռանայ` աւելցնելով, որ «Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա պիտի շարունակեն Սուրիոյ մէջ խաղաղ փոխանցման հասարակաց նպատակի իրագործման համար գործակցիլ»:
Միւս կողմէ, «Վրեմիա» հաղորդեց, որ նախապէս Տաւութօղլու անդրադարձած է Ասատի` թրքական պատկերասփիւռի կայանի մը հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիա եւ Իսրայէլ Դամասկոսի դէմ համաձայնեցուած ձեւով կը գործեն: Ան այդ պնդումները անհիմն որակած է:
Ասատ մատնանշած էր Անգարայի եւ Թել Աւիւի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ նշած էր, որ ատիկա պատահականութիւն չէ եւ կը բխի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի շահերէն, ինչպէս նաեւ կը կատարուի Դամասկոսին հակազդելու համար:
«Այդ յայտարարութիւնը հիմք չունի: Թուրքիան երբեք Իսրայէլի հետ նման հարցեր չի քննարկեր, ոչ ալ որեւէ այլ երկրի հետ: Ասատի յայտարարութիւնները ոչ այլ ինչ են, քան փորձ` ծածկելու իր կողմէ իրականացուած սպանութիւնները», ըսած է Տաւութօղլու` խորհուրդ տալով զանոնք լուրջի չառնել:
Ասատ Թուրքիան նաեւ մեղադրած էր Սուրիոյ մէջ գործող ահաբեկիչներուն ուղղակի աջակցութիւն ցոյց տալու յանցանքով: Ան քննադատած էր Էրտողանը` մեղադրելով զինք անձնական քաղաքական շահերէն մղուած սուտ խօսելու համար:


