Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ երէկ կոչ ուղղեց փակելու անցեալի էջերը` աւելցնելով, որ իրենք այս հանգրուանին մեծ յոյսերով համակուած են:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ընթացքին պիտի յստականայ, թէ ո՛վ կը փափաքի Թամմամ Սալամի վարչապետութիւնը, ո՛վ` ոչ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի անդամ երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն Դիմադրութեան ուղեգիծով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք յաջորդ հանգրուանը որոշած են դրական մթնոլորտով դիմակայել` աւելցնելով, որ այժմ գնդակը քաղաքական միւս կողմին ձեռքը կը գտնուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ նոր նշանակուած վարչապետէն պահանջեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն արդար ներկայացուցչութիւնը ապահովող ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնել:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, ակնարկելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իր հանդիպումէն նեղացողներուն, յայտնեց, որ ինք ոչ ոքէ արտօնութիւն պիտի առնէ քաղաքական իր քայլերուն պարագային եւ աւելցուց, որ Ժոմպլաթի հետ գործակցութիւնը պիտի շարունակէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ Թամմամ Սալամի վարչապետ նշանակումով Լիբանան մուտք գործած է անկախութեան եւ կայունութեան հանգրուան:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ կառավարութենէն իրենց պահանջը միայն երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը պէտք է ժուժկալ գտնուին` նկատի ունենալով իրենց կառավարութեան ձախողութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք վարչապետի պաշտօնին համար երեսփոխան Թամմամ Սալամի անունը առաջադրած են` նկատի ունենալով, որ ան փորձառու է եւ չափաւորական: Ան ըսաւ, որ իրենք ազգային միասնականութեան կառավարութեան մաս պիտի կազմեն, եթէ ան իր աշխատանքային ծրագիրին մէջ Պաապտայի յայտարարութիւնը որդեգրէ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անձամբ մասնակցեցաւ Հըզպալլայի դաշնակից քաղաքական ուժերուն հետ վարչապետի նշանակումին առիթով ընթացք առած խորհրդակցութիւններուն:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պանտար պըն Սուլթան իշխանը Ռիատի մէջ Թամմամ Սալամի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին, վերջինէն պահանջած է Հըզպալլայի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ միամտութիւն է մտածել, թէ Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը պիտի չներկայացուին յաջորդ կառավարութեան մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանը կարելի է միայն համախոհութեամբ կառավարել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES