«Լիբանան Ներխուժումն Ու Հըզպալլայի Հարուած Հասցնելը Անխուսափելի Են» Ընդգծեց Եաալոն

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին համաձայն, իսրայէլեան ուժերը կը պատրաստուին ներխուժելու Լիբանան:

«Մաարիւ» կը նշէ, թէ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն շեշտած է, որ Լիբանան ներխուժումն ու Հըզպալլայի հարուած հասցնելը անխուսափելի են:

Հակառակ պաշտպանութեան նախարարութեան կատարած այս յայտարարութիւններուն, իսրայէլացի բարձրաստիճան զինուորականներ նոյն օրաթերթին յայտնած են, թէ Եաալոնի կեցուածքները զիրենք կը զարմացնէ` նկատի ունենալով, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ի վեր Հըզպալլա Իսրայէլի դէմ փամփուշտ մը իսկ չէ արձակած:

Share this Article
CATEGORIES