«Սէուտական Արաբիա Լիբանանեան Ներքին Հարցերուն Չի Միջամտեր» Շեշտեց Ասիրի

Ալի Աուատ Ասիրի

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանին բարին կը ցանկայ եւ մնայուն կերպով կը զօրակցի անոր: «Սակայն Սէուտական Արաբիոյ քաղաքական սկզբունքներէն է լիբանանեան կամ որեւէ պետութեան ներքին հարցերուն չմիջամտել», ըսաւ ան:

Ասիրի հարց տուաւ, որ եթէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Փարիզ ըլլար,  Թամմամ Սալամ Սէուտական Արաբիա պիտի այցելէ՞ր:

Ան հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա օր մը օրանց լիբանանեան ներքին հարցերուն միջամուխ չէ եղած, եւ այդ մէկը իր քաղաքականութեան կամ վարուելակերպին մաս չի կազմեր:

«Թամմամ Սալամի շուրջ գոյացած համախոհութիւնը կը մղէ, որ Լիբանանը սիրող բոլոր կողմերը տեսնեն, թէ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի քաղաքական համախոհութիւն», ըսաւ Ասիրի:

 

Share this Article
CATEGORIES