«Լիբանանի Մէջ Թրքական Շահերուն Դէմ Մագլցողական Քայլեր» Շեշտեց Շէյխ Զղէյպ

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատներուն դատին զօրակցող, Շիիներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ նշանակուած ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ երէկ յայտնեց, որ այսօրուընէ սկսեալ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները իրենց սկսած մագլցողական քայլերուն շրջագիծին մէջ թիրախ պիտի դարձնեն Լիբանանի մէջ թրքական շահերը եւ ըստ յարմարութեան պիտի փակեն Լիբանանի մէջ գործող թրքական հաստատութիւնները:

Շէյխ Զղէյպ նշեց, որ իրենք պիտի չմօտենան թուրք քաղաքացիներուն, որոնք պատասխանատու չեն Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեան քաղաքականութեան:

Նշենք, որ 11 լիբանանցիներ 22 մայիս 2012-ին առեւանգուած էին Ազեզի մէջ` Իրան կատարած իրենց ուխտագնացութենէն վերադարձի ճամբուն վրայ: Առեւանգուած լիբանանցիներէն երկուքը`

Հիւսէյն Ալի Օմար անցեալ օգոստոսի աւարտին եւ Աուատ Իպրահիմ անցեալ սեպտեմբերին ազատ արձակուեցան, իսկ մնացեալ ինը լիբանանցիները տակաւին կը մնան առեւանգուած:

 

 

Share this Article
CATEGORIES