Միքաթի. «Կառավարութեան Մէջ Ստանձնեցի Մարտ 14-ի Դերակատարութիւնը»

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա փափաքած է դարձեալ իր թեկնածութիւնը առաջադրել` վարչապետի պաշտօնին համար, սակայն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի մերժած է այդ առաջարկը:

Միքաթի շեշտեց, որ ինք կառավարութեան մէջ ստանձնած է Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ եթէ կառավարութեան մեծամասնութիւնը Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերով ներկայացուէր, ապա պիտի ստանձնէր մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն դերակատարութիւնը` հաւասարակշռութիւն մը իրականացնելու համար:

Միքաթի մերժեց մեղադրել Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` հաստատելով, որ ինք լաւ կը հասկնայ անոր կեցուածքը եւ անոր ընտրանքը ճիշդ է:

Ան նշեց նաեւ, որ ինք եւ Ժոմպլաթ մէկ նաւու մէջ եղած են` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ հարց ունի հանդիպելու Ժոմպլաթի հետ:

Share this Article
CATEGORIES