Պըրրի. «Սալամի Անունը Առաջադրելով Առիթ Տուինք Երկխօսութեան Եւ Մենք Զմեզ Պաշտպանելու Դռները Բացինք»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին պիտի նախագահէ խորհրդարանի դիւանի նիստին:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ կը գտնուինք առիթի մը առջեւ, զոր պէտք է ամէն գնով օգտագործել` երկիրը դուրս բերելու համար իր դիմագրաւած ներկայ տագնապէն:
Պըրրի յայտնեց, որ երկրին տագնապին լուծումը կարելի պիտի չըլլայ, բացի երբ փոխադարձ վստահութիւնը վերահաստատուի եւ կարելի ըլլայ մշակել ազգային ծրագիր մը:
«Երկիրը լարուածութեան մատնելու որեւէ փորձ օգտակար պիտի չըլլայ քաղաքական որեւէ ուժի համար եւ բոլորս պէտք է իրապաշտ ըլլանք ու մտածենք, թէ ի՛նչ կարելի է ընել Լիբանանի գերագոյն շահերը իրականացնելու համար: Մեզի շրջապատող բոլոր վտանգները երկխօսութիւն եւ համագործակցութիւն կ՛ենթադրեն` պաշտպանելու համար մեր երկիրը, իսկ լիբանանցիները յաւելեալ տագնապներ դիմագրաւելու պատրաստ չեն», ըսաւ Պըրրի:

