Աննախընթաց Համախոհութեան Մթնոլորտի Մէջ. Թամմամ Սալամ Վարչապետ Նշանակուեցաւ 124 Երեսփոխաններու Առաջադրանքով

Ամիսներու լարուածութենէն եւ քաղաքական գրգռութիւններէն ետք, անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ տիրեց համախոհութեան աննախընթաց մթնոլորտ մը, որուն իբրեւ արդիւնք 124 երեսփոխաններու առաջադրանքով երեսփոխան Թամմամ Սալամ նշանակուեցաւ վարչապետ:

Այս ծիրին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ առաւօտեան շարունակեց ուրբաթ օր սկսած երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները:

Նախագահ Սլէյման խորհրդակցութիւններուն սկսաւ ընդունելով Զահլէի երեսփոխանական պլոքին անդամները, որոնք նախագահին հետ հանդիպելէ ետք յայտնեցին, որ առաջադրած են Սալամի թեկնածութիւնը` նկատի ունենալով, որ ան ազգային անձնաւորութիւն մըն է եւ երկիրը այս հանգրուանին իր նմաններուն կարիքը ունի:

Ապա Նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը, որուն անունով երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ առաջադրուած է անունը Թամմամ Սալամի, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն չմասնակցելու:

Ատուան յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի կառավարութեան մը, որ կը կատարէ երեսփոխանական ընտրութիւնները` աւելցնելով, որ նախընտրութիւնը կ՛երթայ մասնագէտներու կառավարութեան մը կազմութեան:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը իր կարգին առաջադրեց Թամմամ Սալամի անունը: Պլոքին անունով խօսք առաւ երեսփոխան Էլի Մարունի, որ շեշտեց Սալամի ազգային անձնաւորութիւն մը ըլլալու իրականութիւնը եւ մաղթեց, որ կարելի ըլլայ կազմել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը ապահովող եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող կառավարութիւն մը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Լեռնալիբանանի միասնականութիւն երեսփոխանական պլոքը, որուն անունով Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան առաջադրեց Թամմամ Սալամի անունը` վստահութիւն յայտնելով, որ Սալամ պիտի կարենայ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համախմբել ազգային մօտեցումներու շուրջ` շրջանը հարուածող փոթորիկներէն փրկելու համար Լիբանանը:

Ազատ եւ միացեալ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Էմիլ Ռահմէ առանձին ներկայացաւ երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն եւ իր անունով նախագահին առաջադրեց Թամմամ Սալամի թեկնածութիւնը` վերջինիս մաղթելով յաջողութիւն:

Ազատ որոշումի երեսփոխանական պլոքը իր կարգին առաջադրեց Թամմամ Սալամի անունը` ընդգծելով Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց Հայկական համախոհութիւն երեսփոխանական պլոքը, որ վարչապետի պաշտօնին համար առաջադրեց Թամմամ Սալամի անունը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց Զօրակցութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Ահմետ Քարամէն, որ յայտնեց, թէ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հրաժարելուն հիմնական պատճառը քաղաքական բոլոր ուժերէն բաղկացած նոր կառավարութիւն մը կազմելու յոյսն էր, հետեւաբար այդ պարտականութեան համար առաջադրած է Թամմամ Սալամի անունը:

Պաաս կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքին անունով երեսփոխան Ասեմ Քանսօ առաջադրեց Թամմամ Սալամի անունը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Ղովմի կուսակցութեան երեսփոխանական պլոքը, որ առաջադրեց Սալամի անունը` պահանջելով ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին եւ պլոքի անդամ երեսփոխան Արթիւր Նազարեանը, որոնք առաջադրեցին Թամմամ Սալամի անունը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց Ժամաա Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ, որ զօրակցեցաւ Թամմամ Սալամի թեկնածութեան եւ պահանջեց կազմել կառավարութիւն մը, որուն կ՛անդամակցին ոչ բախումնային անձնաւորութիւններ:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ անկախ երեսփոխաններ Մարուան Համատէն, Պութրոս Հարպը, Ռոպեր Ղանեմը, Նիքոլա Ֆաթթուշը, Տորի Շամունը, Անթուան Սաատը, Ֆուատ Սաատը, Մոհամետ Սաֆատին եւ Ռոպեր Ֆատելը, որոնք բոլորը առաջադրեցին Թամմամ Սալամի թեկնածութիւնը:

Խորհրդակցութիւններուն աւարտին հանրապետութեան նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որ հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Ապա նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Թամմամ Սալամի հետ եւ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն արդիւնքներուն հիման վրայ զայն նշանակեց վարչապետ:

Նախագահական պալատէն իր արտասանած խօսքին մէջ Սալամ շեշտեց, որ «Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հանգրուանին ընթացքին գոյացած խորհրդարանական այս համախոհութիւնը ոչ միայն ինծի հանդէպ ցուցաբերուած զօրակցութիւն է, այլ նաեւ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ արտայայտուած կամք մըն է` բարելաւելու Լիբանանի քաղաքական իրավիճակը, վերաշխուժացնելու երկրին ժողովրդավարութիւնը, սահմանադրական հաստատութիւններուն վերադարձնելու անոնց վստահելիութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիին վերադարձնելու ապահովութիւնն ու կայունութիւնը»:

Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ ինք այդ պաշտօնը ընդունած է յարգելով երկրին սահմանադրութիւնը եւ հաւատալով, որ նման պարտականութիւն մը կը նշանակէ պատասխանատուութիւն ստանձնել` Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն հանգրուանին:

Վարչապետ Սալամ յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ղեկավարութիւնները կառավարութեան կազմութեան նպատակով կատարուելիք երեսփոխանական խորհրդակցութիւններուն ընթացքին նկատի ունենան այս դրական յատկանիշները եւ նկատի ունենալով յառաջիկայ հանգրուանին առաջնահերթութիւնները` ճշդեն նոր կառավարութեան պարտականութիւնը:

«Ազգային տեսակէտները միասնականացնելու դիտանկիւնէն մեկնելով կոչ կ՛ուղղեմ արագօրէն համաձայնելու ընտրական օրէնքի մը շուրջ, որ կ՛ապահովէ քաղաքական բոլոր ուժերուն, բոլոր շրջաններուն եւ բոլոր համայնքներուն արդար ներկայացուցչութիւնը», ըսաւ Սալամ` աւելցնելով Թաէֆի համաձայնագիրին, սահմանադրութեան եւ ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:

«Եւ նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած ապահովական վտանգներն ու անոր շրջակայ երկիրներուն մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակը, պիտի ջանամ կազմել ազգային շահերու կառավարութիւն մը», եզրափակեց Սալամ:

Նախագահական պալատէն ետք Սալամ ուղղուեցաւ Մուսայթպէի պապենական ապարանքը, ուր ստացաւ իր մօր Թամիմա Սալամի օրհնութիւնը եւ ընտանիքին կողքին ընդունեց շնորհաւորութիւնները:

Սալամ ստացաւ նաեւ շարք մը շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ, որոնք յաջողութիւն մաղթեցին անոր` իր ստանձնած պարտականութեան մէջ:

Իր բնակարանէն կատարած յայտարարութիւններուն մէջ, Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ ինք պիտի գործակցի լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ` կազմելու համար երկրին յաջորդ կառավարութիւնը:

Շնորհաւորութիւններ` Մուսայթպէի Մէջ

Նոր նշանակուած վարչապետ Թամմամ Սալամ «Պի. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը օրինական է` վայրագ եւ անողորմ թշնամիի մը` Իսրայէլի դէմ: «Մենք համաձայն ենք բոլոր այն միջոցներուն, որոնք թշնամին ետ կը մղեն Լիբանանի դէմ յարձակումներէն կամ ներխուժումներէ: Մենք միաժամանակ կը զօրակցինք նաեւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը գոյացնելու եւ երկրին պատերազմի կամ խաղաղութեան որոշումը պետութեան իրաւունքը դարձնելու իմաստով», ըսաւ Սալամ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ օրինականութենէ դուրս որեւէ զէնք, որ երկրին դէմ ուղղուած է եւ ներքին լիբանանեան առումով կը գործածուի` մերժելի է:

Սալամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի իրեն փոխանցած է Իրանի պետութեան զօրակցութիւնը իրեն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ յաջողութիւն կը մաղթէ կառավարութեան կազմութեան առումով եւ կը վերահաստատէ Դիմադրութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը:

Սալամ յայտնեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանի օժանդակութեան շրջանային եւ միջազգային համախոհութիւն գոյութիւն ունի` հերքելով կառավարութեան կազմութեան մէջ իր ցուցաբերելիք կամայականութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուած շշուկները:

Սալամ ընդգծեց այս հանգրուանին լիբանանեան միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ուաթա Մուսայթպէի մէջ Սալամ երէկ եւս ընդունեց շնորհաւորութիւնները պաշտօնական անձնաւորութիւններու, որոնց շարքին էր Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, որ շեշտեց Սալամի նկատմամբ Մոսկուայի զօրակցութիւնը` ընդգծելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շնորհաւորելէ ետք Սալամը ընդգծեց, որ Թեհրան նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի եւ բոլոր լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ կը գտնէ Լիբանանի անվտանգութեան պահպանումն ու ազգային միասնականութեան ամրապնդումը:

Իր կարգին, հրաժարեալ կառավարութեան մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն այցելեց Սալամի եւ անոր փոխանցեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ողջոյնները եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` ազգային կառավարութեան կազմութեան նպատակով:

Յարգելով լիբանանեան պատշիրային արարողութիւնները` վարչապետ Սալամ այսօր պիտի այցելէ նախկին վարչապետներուն:

Կը նախատեսուի, որ վարչապետ Սալամ վաղը` երեքշաբթի, 9 ապրիլին եւ չորեքշաբթի, 10 ապրիլին, խորհրդարանին մէջ պիտի կատարէ երեսփոխանական ոչ պարտադիր խորհրդակցութիւններ` կառավարութեան կազմութեան գծով:

Share this Article
CATEGORIES