Գերմանացի Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Մը` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ

Երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Լեռնային Ղարաբաղ այցելեց Գերմանիոյ Հեսսեն երկրամասի Պերկշթրասսէի նահանգապետ Մաթիաս Վիլքես` այդ երկրամասին մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պրայան Սթիվեն Ֆերանի ուղեկցութեամբ:

Հակառակ Ազրպէյճանէն պարբերաբար հնչող սպառնալիքներուն ու նախազգուշացումներուն` ուղղուած արտասահմանցի պաշտօնատարներուն որոնք կը համաձայնին Լեռնային Ղարաբաղ այցելել, գերմանացի բարձրաստիճան պաշտօնեան անցեալ հինգշաբթի օր հանդիպում ունեցաւ Ղարաբաղի նախագահին, վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ եւ համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց:

Մաթիաս Վիլքես Ստեփանակերտի մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ասիկա արդէն իր երրորդ այցելութիւնն է Հայաստան եւ իրենք անպայման կարելիութիւնը ստեղծեցին Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու: «Մեզի համար իրապէս նախ մեծ պատիւ է, որ մեզի ընդունեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահը: Մենք քննարկեցինք մշակութային եւ կրթական մարզին մէջ համագործակցութեան սկսելու որոշ հարցեր»: Գերմանացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը տեղեկացուց նաեւ, որ նախագահ Սահակեանի հետ հանդիպման ընթացքին խօսած են համագործակցութեան այնպիսի ուղիներ գտնելու մասին, որոնք կրնան յառաջիկային Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքական կեանքին մասին իրական վիճակը ներկայացնել Եւրոպային` նկատել տալով, որ ներկայիս Ղարաբաղի մասին տեղեկատուութիւնը քիչ է:

Վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ հանդիպման ժամանակ Հեսսեն երկրամասի Պերկշթրասսէի նահանգապետը նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղ կը գտնուի սեփական աչքերով տեսնելու երկիրը եւ ուղղակի ստանալու երկրին մէջ տիրող իրավիճակին մասին տեղեկատուութիւնը:

Գերմանական պատուիրակութեան անդամները Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետը հրաւիրեցին իրենց վարչական շրջանը, ուր պիտի կազմակերպուի հաւաք մը` Ղարաբաղի մասին մանրամասն տեղեկատուութիւն տարածելու նպատակով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES