ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ այս տարի Պաղեստինեան աղէտի յիշատակին նշումը պատմական էր` աւելցնելով, որ պաղեստինեան հարցը իրաւունքի եւ արդարութեան թղթածրար մըն է, որ արաբ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը կը նկատուի:

ԻՍՐԱՅԷԼ Լիբանանի եւ Սուրիոյ դէմ բողոք ներկայացուցած է ՄԱԿ-ին` նկատի ունենալով նախանցեալ օր տեղի ունեցած ցոյցերը, զորս Իսրայէլ իր գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն նկատած է: Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց կոչ ուղղեց իսրայէլեան ուժերուն կազմ ու պատրաստ մնալու` արգիլելու համար դէպի Իսրայէլ կատարուելիք որեւէ ներխուժում:

«ԱԽՊԱՐ ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Սուրիոյ Հալաթ գիւղաքաղաքէն աւելի քան 500 քաղաքացիներ, որոնց շարքին նաեւ վիրաւորներ հասած են Լիբանան:

ՀԱՆՐԱՅԻՆ փոխադրութեան պատասխանատու սենտիքաները կը հաստատեն, որ յառաջիկայ հինգշաբթի օր պիտի կատարեն իրենց գործադուլը: Այս ծիրին մէջ հանրութեան ցամաքային փոխադրութեան պատասխանատու վարորդներու սենտիքայի նախագահ Ապտել Էմիր Նաժտէ շեշտեց, որ սենտիքան մուրացկան չէ, սակայն այլեւս կարելի չէ լուռ մնալ:

«ՍԱՈՒԹ ԼՈՒՊՆԱՆ» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, Պքերքէի մէջ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 2 յունիսին: Հանդիպումը պիտի քննարկէ քրիստոնեայ համայնքին կացութիւնը` սկսելով քրիստոնեաներուն ստանձնած պաշտօններէն հասնելով մինչեւ օտարականներուն հողեր վաճառելու փշոտ հարցը, իսկ անոր պիտի հրաւիրուին մարոնի բոլոր երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ հոգեւոր պետերը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իրաւունք չունի հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը պահանջելու, որովհետեւ ան հաղորդակցութեան միջոցներու յատուկ ընկերութիւն մը ունի: Ան ընդգծեց, որ Միքաթի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման պատասխանատու են կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ուշացման:

ՄԱՐՈՒՆ Ռասի մէջ իսրայէլեան ուժերուն փամփուշտներով սպաննուած զոհերուն թիւը հասաւ 11-ի:

ԸՍՏ «Ուիքիլիքս» կայքէջին, սուրիական ուժերը Լիբանանէն հեռանալու ընթացքին իրենց զէնքերը յանձնած են Հըզպալլայի:

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցի ցուցարարներուն դէմ գործուած սպանդը` Մարուն Ռասի, Կոլանի եւ Այսրյորդանանի մէջ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած տագնապը ներքին գործոց նախարարութենէն կամ զօր. Սլէյմանի եւ զօր. Աունի միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութենէն շատ աւելի մեծ է եւ լուրջ:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Թալքալախ գիւղաքաղաքէն Լիբանան փախուստ տուած քաղաքացիները սուրիական բանակին դէմ կռուողներուն ընտանիքներն են եւ ոչ թէ գիւղաքաղաքին բնակիչները:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ազատագրութեան ժողովրդավարական ճակատի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ալի Ֆայսալ շեշտեց, որ Պաղեստինեան աղէտին յիշատակը ոգեկոչելու նպատակով արձանագրուած միջադէպերը ցոյց տուած են, որ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձը լիբանանեան, արաբական եւ միջազգային պատասխանատուութիւն է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի շեշտեց, որ Պաղեստինը պիտի մնայ արաբներուն կեդրոնական դատը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը եւ բոլորին արգիլելու հարաւային Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն ապահովութեան խախտումը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապպաս Հաշեմ յայտնեց, որ յաջորդ կառավարութեան նկատմամբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին կեցուածքը յստակ է:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES