ՇԱՄԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԻՄՈՐԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ
Արտաքին գործոց գործավար նախարար Ալի Շամի երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Արեւելեան Թիմորի արտաքին գործոց նախարար Ալպանօ Զաքարիասը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Զաքարիաս Շամիին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Արեւելեան Թիմոր կը փափաքի 14 զինուորով մաս կազմել հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն` միանալով Փորթուգալի զօրամասին:
Զաքարիաս յայտնեց, որ խորհրդանշական այդ մասնակցութիւնը, որ կը փաստէ Լիբանանին օժանդակելու առումով իրենց պատրաստակամութիւնը, պիտի սկսի յառաջիկայ նոյեմբերին:
CATEGORIES Լիբանանեան