ՔԱՈՒԱՍ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ՅՍՏԱԿ ԿԵՑՈՒԱԾՔՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Լիբանանի մէջ Պաաս կուսակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Շաքեր Քաուաս երէկ Թուրքիոյ կառավարութենէն յստակ եւ գործնական կեցուածք մը պահանջեց` նախանցեալ օր Կոլանի, Մարուն Ռասի եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ տասնեակ մը պաղեստինցիներու սպանութեան եւ հարիւրաւոր ուրիշներու վիրաւորուելուն մասին:

Քաուասի կողմէ Թուրքիոյ կառավարութեան յղուած հեռագիրի մը մէջ Քաուաս զարմանք յայտնեց, որ թրքական կառավարութիւնը կը շարունակէ զինուորական եւ ռազմավարական իր գործակցութիւնը իսրայէլեան գոյացութեան հետ: Աւելի՛ն. Թուրքիա կը վերանորոգէ Իսրայէլի հետ իր զինուորական համաձայնագիրները` շրջանի ժողովուրդներուն իրաւունքներուն յանձնառու մնալու առումով իր յայտարարած կեցուածքներուն զուգահեռ:

Քաուաս հաստատեց, որ Թուրքիա կրօնի պատմուճանը հագած կը փորձէ ցուցական եւ ձեւական ներկայացումներ կատարել` պաղեստինեան հարցին իբրեւ պաշտպան ներկայանալու առումով, սակայն այս ձեւով անկարելի է, որ Թուրքիա կարենայ օժանդակել պաղեստինցիներուն եւ Պաղեստինը ազատագրելու անոնց դիմադրութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES