«ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲՈՎ` ՄԻՆՉԵՒ ՅԱՂԹԱՆԱԿ» ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱ

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան իր խօսքը ուղղեց նախանցեալ օր Պաղեստինեան աղէտին առիթով ցոյցի մասնակցած երիտասարդներուն` ողջունելով զանոնք եւ անոնց քաջութիւնը, որուն շնորհիւ Պաղեստինեան աղէտին առիթը վերածուեցաւ այլ առիթի, որուն ծիրին մէջ թշնամի Իսրայէլին եւ ամբողջ աշխարհին փաստուեցաւ, որ պաղեստինցիները իրենց իրաւունքներուն տէր կը կանգնին եւ ի գին տունդարձի իրաւունքին գործադրութեան իրենց արիւնը կը թափեն` պատրաստ ըլլալով որեւէ զոհաբերումի:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ նախանցեալ օրուան ցոյցին մէջ կային երկու պատգամներ, որոնցմէ առաջինը ուղղուած էր բարեկամին` երաշխաւորելու համար, որ ոչ ոք պէտք է բնակեցումէն վախնայ, որովհետեւ տունդարձի իրաւունքի գործադրութիւնը անհրաժեշտ է, իսկ թշնամիին ուղղուած պատգամը այն էր, որ պաղեստինցիները պատրաստ են ազատագրելու իրենց հողերը, որքան ալ սուղ ըլլան մատուցուելիք զոհողութիւնները, ինչպէս նաեւ հաստատելու, որ Իսրայէլի գոյացութիւնը պիտի վերանայ եւ ոչ ոք պիտի կարենայ պաշտպանել զայն:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ ներկայիս որեւէ ժամանակէ աւելի կարելի է իրականացնել Պաղեստին տունդարձի իրաւունքին գործադրութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES