ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Լրատուութիւն` Թուրքիա-Իրաք սահմանամերձ շրջանին մէջ թրքական բանակին կողմէ 12 քիւրտերու սպանութեան մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Հայաթ» եւ «Սատա Պալատ» օրաթերթերը):

– Անդրադարձ` Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտնած այն մտավախութիւններուն, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները կրնան յանգիլ յարանուանական բաժանումի:

(Նոյն լուրին անդրադարձած է նաեւ «Մուսթաքպալ» օրաթերթը):

 

«ՍԱՖԻՐ»

– Թուրքիոյ դատական իշխանութիւնները Իսրայէլէն կը պահանջեն պաղեստինցիներուն մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող «Մաւի Մարմարա» թրքական նաւատորմին դէմ յարձակում գործող զինուորներուն անուանացանկը:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Նահար» եւ «Հայաթ» օրաթերթերը):

– Յօդուած` Սուրիոյ մէջ սիւննի-ալեւի բախումներու հաւանականութեան գծով Թուրքիոյ մտահոգութեան մասին:

Share this Article
CATEGORIES