ՊԸՐՐԻ. «ՊԷՏՔ Է ՎԵՐԱՇԽՈՒԺԱՑՆԵԼ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանի դիւանը, ինչպէս նաեւ արդարութեան ու վարչական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը հրաւիրեց նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի օր:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին խորհրդարանին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ արդարութեան գործավար նախարար Իպրահիմ Նաժժարի եւ ներքին գործոց գործավար նախարար Զիատ Պարուտի հետ:

Այս ծիրին մէջ ան ընդունեց նաեւ մարդկային իրաւանց հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուսան, որուն թելադրեց այսօր գումարել նիստ մը` ներկայութեամբ գործավար նախարարներ Նաժժարի եւ Պարուտի, քննարկելու համար Ռումիէի բանտին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Խորհրդարանի նախագահը շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Նեպիլ Արապիին` Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար ընտրուելուն առիթով: Պըրրի շնորհաւորագիրին մէջ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել արաբական միասնականութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES