ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՐԹԼԵՄԸ ԵՒ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ԱՐԱՊԻՆ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ռոպըրթ Պարթլեմը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Միքաթիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ:
Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ խստիւ դատապարտեց կիրակի օր սահմանային Կապոյտ գիծին մօտ կատարուած սպանդը` ընդգծելով, որ անիկա իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ուժի չափազանցուած օգտագործում կը նկատուի` նկատի ունենալով, որ ցուցարարները անզէն էին:
Ուիլիըմզ կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:
Միւս կողմէ, Միքաթի շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Նեպիլ Արապիի` անոր Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար ընտրուելուն առիթով:
Միքաթի յաջողութիւն մաղթեց Արապիի` յոյս յայտնելով, որ ան յաջողի ամրապնդել միջարաբական յարաբերութիւնները:
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ վարչապետը յուսախաբ չէ եղած եւ կը շարունակէ կառավարութեան կազմութեան աշխատանքներուն հետապնդումը` աւելցնելով, որ Միքաթի իր պատասխանատուութիւններէն երբեք չի խուսափիր:
«Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, Միքաթի դիտել տուած է, որ ինք ընդունած է վարչապետ նշանակուիլ` արգիլելու համար Լիբանանի դէմ նախապատրաստուող սադրանքները, պաշտպանելու համար սահմանադրութիւնը եւ պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը. ան աւելցուցած է, որ եթէ ինք զգայ, թէ այս հիմնական սկզբունքներէն մէկը խախտած է, այդ պահուն կը մտածէ այլընտրանքի մասին: