ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՉԵԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին: Հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին եւ Ուաշինկթընին հաշուետուութեան կանչելու Իսրայէլը եւ անոր պարտադրելու միջազգային օրէնքներու եւ կանոններու յարգումը, ինչպէս նաեւ արգիլելու անոր` ոճրային արարքներու գործադրութիւնը:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի տագնապի արդար եւ ամբողջական լուծման համար լուրջ աշխատանքի նախաձեռնելու:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ նախագահին ներկայացուց նախանցեալ օրուան ցոյցին ընթացքին հարաւային Լիբանանի մէջ բանակին որդեգրած քայլերը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ մշակոյթի եւ պետական գործավար նախարարներ Սելիմ Ուարտէ եւ Մունա Օֆէյշ, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար, որոնք քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները:


