50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 18 ՄԱՅԻՍ 1961 )

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ
ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԸ ԲԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՅՈՒՇԱԳԻՐԸ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Գրած էինք, թէ Գաւառական ժողովի վերջին նիստին լիբանանահայ թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեան ներկայացուց յուշագիր մը` Պուրճ Համուտի մէջ ազգային երկրորդական վարժարան մը հաստատելու մասին:

Իր յուշագրին մէջ սրբազան առաջնորդը նախ կը թուէ երկրորդական վարժարանի մը բացումը անհրաժեշտ եւ իրագործումը կարելի դարձնող տուեալները.

1.- Պուրճ Համուտի հայաբնակ արուարձաններուն մէջ ներկայիս հայութիւնը ունի 8 ազգային մանկապարտէզ-նախակրթարաններ եւ երեք յարանուանութեանց վարժարաններ: Այդ բոլոր նախակրթարաններէն շրջանաւարտ կ՛ելլեն տարեկան միջին հաշուով 175 աշակերտներ: Այս վերջիններէն կարելի է շատ դիւրաւ 60-75 ընտրեալ աշակերտ-աշակերտուհիներ ընդունիլ ազգային երկրորդական վարժարանի մը մէջ:

2) Երկրորդական վարժարանի հիմնադրութեան ծրագիրը կը դիւրանայ սա իրողութեամբ, որ Նոր Մարաշ թաղին մէջ արդէն գոյութիւն ունի ազգապատկան հող մը` 1092 քառ. մեթր տարածութեամբ, որ կրնայ բաւարար համարուիլ երկրորդական վարժարանի մը կառուցման, գետնայարկով եւ Ա. եւ Բ. յարկերով: Գետնայարկին մէկ մասը ձգելով սիւնագաւիթ բաց վիճակով, եւ բակը բաւարար` պասքեթպոլի դաշտի մը մեծութեամբ:

Առաջնորդարանը արդէն պատրաստել տուած է վերոյիշեալ հողին յարմարութեամբ բաւարար շէնքի մը յատկագիծը, կցեալ երեք յատակագծերով, բովանդակելով` վարչական յարկաբաժին, 9 դասարաններ, գիտական աշխատանոց ու մատենադարան եւ սրահ, աշակերտներու զբօսանքի ու մարզանքի վայրեր:

3) Երկրորդական վարժարանի ուսմանց ընդհանուր ընթացքը հարկ է որ բովանդակէ հինգ տարեշրջաններ, Է – ԺԱ դասարաններով:

4) Վարժարանի աշակերտները իրենց Է. դասընթացքի վերջաւորութեան կը ներկայանան լիբանանեան սերթիֆիքայի քննութեանց, եթէ նախապէս նախակրթարաններուն մէջ չեն ներկայացած: Եւ Ը. դասարան կ՛ընդունուին միայն այն աշակերտները, որոնք յաջողապէս կ՛անցընեն իրենց լիբանանեան սերթիֆիքայի քննութիւնները` յաջորդ բարձրագոյն դասարաններուն հետեւելու համար արաբերէնի բարձրագոյն դասընթացքներուն, մինչեւ պաքալորէա:

ԺԱ. դասարանի շրջանաւարտները պիտի մասնակցին`

ա) Կա՛մ լիբանանեան պաքալորէայի քննութեանց արաբերէն լեզուի եւ ֆրանսերէն լեզուի ու գիտական այլ դասերով` իբրեւ անհրաժեշտ պետական պահանջ:

բ) Եւ կա՛մ անգլիական «Ճենըրըլ սըրթիֆիքէյթ աֆ էճուքէյշընի (Ճի. Սի. Ի.) առաջին աստիճանի («Օրտինըրի լեւըլ») քննութեանց:

Ազգային երկրորդական վարժարանի ԺԱ. դասարանի շրջանաւարտները քննութեամբ պիտի ընդունուին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի կամ Հայկազեան քոլեճի «ֆրեշմեն» դասարանները: Իսկ եթէ լիբանանեան պաքալորէայի կամ Ճի. Սի. Ի. Էտվենսթ Լեւըլի քննութիւնները անցուցած են` Սոֆոմոր դասարանը:

5) Երկրորդական վարժարանը կարելի է, Ազգային սահմանադրութեան տրամադրութեանց համաձայն, կառավարել Ուսումնական խորհուրդի կողմէ ընտրուած եւ ասոր խողովակով ազգային ժողովրդականութեան ենթակայ առանձին հոգաբարձութեամբ եւ կամ խնամակալութեամբ մը` 5 – 7 անձերէ կազմուած, որոնց ժողովին կը մասնակցի, ի պաշտօնէ, տնօրէնը, նախագահութեամբ թեմակալ առաջնորդին կամ խնամակալութեան:

Վարժարանի շէնքին եւ կահաւորման ու սարքաւորման սկզբնական ծախք կը նախատեսուին շէնքի համար 90-100,000 լ.ոսկի, կարգուսարքի` 30 – 40,000 լ. ոսկի: Տարեկան պիւտճէն կրնայ բարձրանալ 75-80,000 լ. ոսկիի, որուն ընդհանրապէս 60,000ը կարելի է գանձել աշակերտներէ:

6) Վարժարանին մէջ կրնան միացուիլ ուսման երկու անհրաժեշտ ուղիներ:

ա) Մարդկային արդի գիտութեանց ուղղութիւնը, վստահելի քոլեճական ուժով:

բ) Հայեցի տոհմային արժէքներու ուղղութիւնը, հայ լեզուով, հայ պատմութեան ու մշակոյթի եւ արուեստի արժէքներով:

Սրբազանը իր տեղեկագիրը կ՛եզրակացնէ` յայտնելով:

«Հայ ժողովուրդը, Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ, վերջին գաղթային շուրջ 40 տարիներուն, յաջողեցաւ կառուցել իր բազմաթիւ եկեղեցիներն ու նախակրթարանները: Իսկ ժամանակը հասած է, որ հայ ժողովուրդը ազգովին եւ ազգանուէր բարերարներով մտահոգ ըլլայ` այդ նախակրթարաններէն շրջանաւարտ եղող պատանիները առաջնորդելու հայեցի մթնոլորտով ջերմացած երկրորդական վարժարաններ, քանի որ ազգային մեծագոյն բարերարութիւնը, նոր սերունդի դաստիարակութիւնն է: Կրթութեան համար ծախսուած դրամը, ողորմութիւն տրուող դրամի պէս կորսուող գումար մը չէ, այլ ազգային բարոյական շահարկումի դրուած դրամագլուխ մըն է, որ դարձեալ ազգին պիտի վերադառնայ նոր սերունդի կեանքին մէջ երեսուն, վաթսուն եւ հարիւր տոկոսով բազմապատկուած ու պտղաւորուած»:

Share this Article
CATEGORIES