Հայաստանի Համազգայինի Թատերախաղը Արժեւորեց Թատերական Բարձրորակ Արուեստը

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Լիբանանահայ թատերասէրները ուրախութեամբ դիմաւորեցին Հայաստանի Համազգայինի թատերախումբը, հրաւիրուած` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ: Թատերախումբի ծրագիրին մէջ կար երկու թատերախաղ. առաջինը Ուիլիըմ Սարոյեանի «Մէկ գաւաթ բարութիւն» թատերախաղը, երկրորդը` «Շան աղջիկ» կատակերգութիւնը:

Հինգշաբթի, 4 եւ ուրբաթ 5 ապրիլ 2013-ի երեկոյեան «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ներկայացուեցաւ «Մէկ գաւաթ բարութիւն»-ը, բեմադրութեամբ Սօս Սարգսեանի: Թատերախաղը ներկայացուցին եօթը դերասաններ` Մխիթար Աւետիսեան, Տաթեւ Ղազարեան, Նարեկ Պաղտասարեան, Արման Նաւասարդեան, Նարինէ Գրիգորեան, Դաւիթ Յակոբեան, Սերկէյ Թովմասեան: Երաժշտութեան ընտրութիւն` Մարտին Վարդազարեանի:

Մարդկային զգացումներու դրսեւորում տարբեր «եղանակներով» կը բացայայտուի «Մէկ գաւաթ բարութիւն» թատերախաղով, ուր կը մեկնաբանուի Ուիլիըմ Սարոյեանի բարոյագիտական, փիլիսոփայական  եւ համամարդկային մտորումները: Պարզ կեանք մը ապրելու բաղձանքը առկայ է թատերախաղի ամբողջ տեւողութեան: Միամտութիւն մը, որ կ՛արտայայտուի ընտանեկան թէ բարեկամական յարաբերութեան ընթացքին:

Նիւ Եորքն է, միջավայրի մը անցուդարձերը պարզողը: Ուրիշ տեղ մը կը տեսնուի մուկերու առատ ներկայութիւն: Մուկերը հարցեր կը ստեղծեն, բարեկամութեամբ  կը մեկնաբանուին, անհաւատալի մթնոլորտ մը կը բացայայտուի` բարեկամական կամ ընտանեկան զրոյցներով: Քիչ մը արտասովոր կը թուի մուկերու մասին այդքան մտածում, որ թեմայի մը վերածուած է: Այլաբանական պատկե՞ր մըն է արդեօք` իբրեւ տարօրինակ ապրելաձեւի ցուցանիշ, Ուիլիըմ Սարոյեանի թատերգութեամբ: Տեղական գոյն մը կը ցուցադրուի բեմէն: Դերասանները լաւ ըմբռնած են կացութեան զուարճալի վիճակը, հետեւաբար կը մեկնաբանեն այնպիսի բարձրորակ արուեստով, որ մոռցնել կու տայ անդրադառնալու փիեսի խորքին, թէ ինչ պատգամ կը փոխանցէ կամ ինչ թելադրանքներ ունի ուսանելի:

Երաժշտութիւնը պարբերաբար միտքերը կը հանդարտեցնէ կամ նոր մտածումի մը կ՛առաջնորդէ: Նիւ Եորքէն լսուած շեփորի նուագը կարծես կը լսուի երկրին հեռաւոր մէկ անկիւնէն: «Եղբօրս նուագն է»…: Եղբայր մը, որուն կարօտովը կ՛ապրի միւս եղբայրը: Սարոյեան այս պարագային կը ստեղծէ համամարդկային ջերմ զգացողութիւն, որ կը յուզէ: Մուկերու ներկայութիւնը անոնց մասին խօսիլը կամ անոնցմով շրջապատուած ըլլալը նեղացուցիչ է անշուշտ, բայց կատակերգութեան կը վերածուի անախորժութիւնը: Ծիծաղ կ՛առթէ, հետեւաբար… Ուրեմն դժուար նկատուած վիճակները կատակով, զուարճութեամբ  դիմագրաւելու դաս մը կար: Բայց ինչ կը վերաբերի Սրբուհի Ագնէս անուանումին կրկնութեան, զայն վերագրեցինք մարդոց մտածելակերպին տարբերութեան, հաւատքի հանդէպ «խաղ» մը գուցէ, արհամարհանքի կամ անտարբերութեան տրամաբանութեամբ փոխանցուած:

Դերասանական կազմը` բացառիկ ընդունակութեամբ օժտուած, պարզագոյն պահերը իմաստաւորելու տաղանդով, ճկունութեան եւ խօսքի արտաբերման, նոյնիսկ բառի մը արժեւորումը շեշտող վարպետութեամբ հանդիսականը կեդրոնացուցին իրենց արուեստին վրայ, որ հիանալի կերպարներու որդեգրումն էր, իւրաքանչիւրի անձին հետ ձուլուած: Այս պատկերացումով կարելի է ըսել, թէ թատերախաղի մը ներկայացման յաջողութիւնը կը վերաբերի բեմադրիչին եւ դերասաններուն խաղարկութեան բնական ոճին, երբ անիմաստ կացութիւնն իսկ կը վերածուի իմաստալից վիճակի: Ուիլիըմ Սարոյեանի այս թատերախաղը ինչպիսի յաջողութեամբ ընդունուած է ամերիկեան բեմերու վրայ, կ՛անգիտանանք, բայց Սօս Սարգսեանի մեկնաբանութիւնը, երաժշտութեան եւ բեմական այլ հնարքներով մատուցուած, պատիւ կը բերէ այս եւ նման թատերախաղերու բարձր նիշերու արժանացման: Այս իմաստով մեր շնորհաւորութիւնները եւ շնորհակալիքը կ՛ուղղենք հայրենի իւրաքանչիւր դերասանի, այնքան երիտասարդ ու ներկայանալի վայելչութեամբ: Հանդիսատեսը զգաց, թէ մարդկային ընկերութեան մէջ բարին է յաղթողը, բարիքն է գնահատուողը նոյնիսկ գաւաթ մը ջուրով մատուցուած: «Երեք կանաչ շիշ լիքը լիքը գինի, մէկը ինկաւ գետին ու պակասեց մէկը»: Հաճելի եղանակով երգուած յանկերգը երեկոն վերածեց «ծիծաղի տունի»: Շնորհակալութիւն Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Սօս Սարգսեանին եւ իր աննման թատերախումբին:


Share this Article
CATEGORIES