Ահաբեկչութիւնը Իբրեւ Արդարներուն Միակ Զէնքը Եւ Իբրեւ Անիրաւներուն Պետական Ճնշումի Գործիքը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քաղաքականութեան չափ հին է ահաբեկչութիւնը:

Նաեւ քաղաքական մտքի ակունքներէն եկող չարաշահման նիւթ է ահաբեկչութեան արժեւորման շուրջ հազարամեակներէ ի վեր շարունակուող բանավէճը:

Ամէն ազգ եւ ժողովուրդ ահաբեկչութեան կապուած իր ուրոյն կենսափորձը ունի:

Հռոմէական կայսրութեան բնորոշ Յուլիոս Կեսարի ահաբեկումէն մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիմնադիր Աբրահամ Լինքըլնի ահաբեկումը, հնադարեան ժամանակներէն սկսեալ ահաբեկչութիւնը քաղաքացիութեան իրաւունք ստացած է ընդհանուր ազգաց պատմութեան մէջ:

Բայց մանաւանդ նոր ժամանակներու միջազգային կենսափորձով` ահաբեկչութիւնը վճռորոշ տեղ ու արժէք ստացած է քաղաքական առճակատումներու մերօրեայ պատմութեան մէջ:

Համահունչ` շիկացած է նաեւ գաղափարական բանավէճը ահաբեկչութեան` իբրեւ քաղաքական պայքարի ընկալեալ զէնքի, արժեւորման շուրջ:

Մերօրեայ քաղաքական բառապաշարին մէջ հակասական եւ հակադիր գնահատումներու առարկայ դարձած են «ահաբեկչութիւն»-ն ու «հակաահաբեկչութիւն»-ը, իրաւունքի եւ արդարութեան հետամուտ «ազատագրական ահաբեկչութիւն»-ն ու պետական ճնշումի սարսափազդու գործիքի վերածուած «պետական ահաբեկչութիւն»-ը, ազգային արդար պայքարներու յուսահատական զէնքը նկատուող «տկարներու ահաբեկչութիւն»-ը եւ մեծապետական հաշուեյարդարներու ծառայող «միջազգային ահաբեկչութիւն»-ը…

Ոչ միայն շարքը երկար է, այլեւ շարունակ նորանոր կիրարկումներ կու գան ընդլայնելու ահաբեկչութեան «քաղաքական մշակոյթ»-ը:

Վերջինը` «արմատական իսլամութեան» անունին կապուած Քայիտայի ահաբեկչական բորբոքումն է, որ մինչեւ այսօր իբրեւ մահասփիւռ ուրուական անձկութեան եւ ահուսարսափի մէջ կը պահէ միջազգային հանրութիւնը:

Հայ քաղաքական միտքը աւելի քան հարիւր տարի առաջ իր արժեւորումը կատարած` ամբողջացուցած է եւ ահաբեկչութիւնը հռչակած է արդարներուն միակ ու վերջին զէնքը` դէմ դնելու համար անիրաւներու եւ բռնակալներու պետականօրէն կիրարկած սարսափի, կոտորածի եւ ազգային բնաջնջումի ահաբեկչութեան:

Նաեւ հայ գրականութիւնը, դասական իր մեծատաղանդ դէմքերու ստեղծագործութիւններով, հիմնաւորած ու նուիրագործած է հայ ահաբեկիչն ու անոր ահաբեկչական հերոսութիւնը սրբացնող գաղափարական աւանդը:

Գաղտնիք չէ, որ քսաներորդ դարասկիզբին ռուսական սոցիալ-դեմոկրատական հոսանքը եւ անոր հերձուածային ծնունդը հանդիսացող պոլշեւիզմը ընտրեցին հակաահաբեկչութեան ուղին` իբրեւ աշխատաւորական շարժման յաջողութեան գրաւականը: Ինչպէս ռուս Սոցիալիստ-յեղափոխական շարժումին, այնպէս ալ հայ ազգային-ազատագրական շարժման եւ յատկապէս Դաշնակցութեան դէմ պոլշեւիկները գաղափարական մոլեռանդ պայքար ծաւալեցին` ահաբեկչութիւնը իբրեւ աշխատաւորական պայքարի զէնքի դատապարտելու եւ բանադրելու կարգախօսով:

Հետեւանքը նոյնպէս գաղտնիք չէ: Պոլշեւիկեան աղանդամոլութիւնը ծնունդ տուաւ չարիքի եւ սարսափի կայսրութեան` Խորհրդային Միութեան: Ահաբեկչութեան դէմ «գաղափարական անհաշտ պայքար»-ի նոյն այդ կարգախօսով պոլշեւիզմը կեանքի կոչեց պետական ահաբեկչութեան ամէնէն ահաւոր, անմարդկայի՛ն համակարգ մը:

Հնաւանդ, բայց մշտանորոգ ահաբեկչութեան վերաբերեալ այսօրինակ մտորումներու առիթը համացանցի վրայ վերջերս շրջագայութեան մէջ դրուած մեկնաբանական «լրատուութիւն» մըն է: «Առաւօտ» օրաթերթը, Նելլի Գրիգորեան ստորագրութեամբ, «ՀՅԴ-ում երկու մասի՞ են բաժանուել» խորագրով, ապրիլ 2-ին լոյս ընծայած է «իւրօրինակ» մեկնաբանութիւն մը:

Դաշնակցութեան «երկփեղկումին» սպասողներու թիւը ըստ երեւոյթին բազմացած է վերջին շրջանին:  «Առաւօտ»-ի վերոնշեալ մեկնաբանական լրատուութիւնն ալ ախտագին ու նորագոյն դրսեւորումներէն մէկն է արդէն աւելի քան քսան տարուան ժամանակ սպառած այդօրինակ… սպասումին:

Անշուշտ, իրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունի խորագրով տրուած «զգայացունց» հարցադրումը: Դաշնակցութեան «երկու մասի բաժնուած ըլլալու» այս հարցական-վերագրումը պարզապէս ցոյց կու տայ խնդրոյ առարկայ «լրատուութիւնը» ստորագրողին փափաքն ու իրականութիւնը իրարու խառնելու, փափաքածը իբրեւ կատարուած իրողութիւն հրամցնելու հիւանդ մտածելակերպը:

Հարցը այդ չէ սակայն:

«Շան գլուխը ուրիշ տեղ թաղուած է»…

«Առաւօտ»-ի կողմէ շրջագայութեան մէջ դրուած հրապարակումին հեղինակը կը հաղորդէ.

«Մեր տեղեկութիւններով, Կոտայքի մարզի Պռօշեան համայնքում կառուցւում է 1983 թուականի յուլիսի 27-ին Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնում Թուրքիայի դեսպանատունը պայթեցրած հայ երիտասարդների յիշատակի յուշարձան: Որքան էլ մենք կամ մեր քաղաքական կեանքի առանձին միաւորներ Լիզպոնի գործողութիւնը որակեն վրէժ, ընդվզում կամ նման բան, միջազգային մակարդակներում Լիզպոնի գործողութիւնը որակւում է ահաբեկչութիւն: Իսկ միջազգային մակարդակներում մենք աղմկում ենք, որ 20-ամեայ փաստացի անկախ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանաչել է պէտք: Խնդիրն այն է, որ Լիզպոնի գործողութեան զոհերի յիշատակի յուշարձանը կառուցուելու է ազատագրական եւ ինքնապաշտպանական ղարաբաղեան պատերազմի Պռօշեանի զոհերի շիրիմների կողքին»:

Ահա՛ բուն հարցը:

«Առաւօտ»-ի աշխատակիցին մտայնութեամբ, Հայ դատի ուժական պայքարի ճակատին վրայ 1983-ին նահատակուած Լիզպոնի Հինգին սրբալոյս յիշատակը ոչինչ կ՛ըսէ` մեծապետական բառապաշարով ըմբռնուած «ահաբեկչութենէ» մը անդին: Այդ մեկնակէտով ալ, կամայ թէ ակամայ, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ ազգային սրբապղծութիւն գործելով, ան անընդունելի կը նկատէ, որ Լիզպոնի գործողութեան յիշատակին յուշարձան բարձրանայ արցախեան ազատամարտին զոհաբերուած պռօշեանցի հերոսներու` Պետոյի եւ Կարօտի օրինակով նուիրեալներու շիրիմներուն կողքին:

Աւելի՛ն. ոչինչէն հարց եւ նիւթ ստեղծելով` «Առաւօտ»-ի աշխատակիցը դիտել կու տայ, թէ քսան տարի առաջ Պետօ ինք «համախոհների հետ մշակեց Պռօշեանի իւրօրինակ զինուորական պանթէոնի նախագիծ: Ըստ նախագծի, Պռօշեանում կառուցուելու էր համալիր` ազատագրական եւ ինքնապաշտպանական ղարաբաղեան պատերազմի զոհերի շիրիմների կողքին լինելու էր ազատամարտի թանգարան` կրթադաստիարակչական յագեցած ծրագրով: Պետոյի ծրագրի մշակումից անցել է 20 տարի: Այսօր ծրագիրը դեռ թղթի վրայ է: Պռօշեանում (համայնքի դպրոցում) միայն Պետոյի կիսանդրին կայ: Դպրոցն անուանակոչուել է Պետոյի անունով: Մինչդեռ Պռօշեանում ինքնապաշտպանական մարտերում զոհուածի շիրիմի կողքին տեղադրւում է միջազգային հանրութեան համար ոչ ընկալելի յուշարձան: Այս հակասութիւնը կամ երկակի չափանիշը հաշուի առնելով` Պռօշեանի համայնքապետ, ՀՅԴ-ական Հրաչ Մուրադեանից փորձեցինք մանրամասներ ստանալ` ինչո՞ւ հէնց Պռօշեանում, ինչո՞ւ է յուշարձանը կառուցւում արցախեան պատերազմի նահատակների շիրիմի մօտ, ոեւէ պաշտօնեայ խօսե՞լ է արցախեան պատերազմի նահատակների հարազատների հետ, ինչպիսի՞ն է զոհերի հարազատների վերաբերմունքը, ինչո՞ւ է ինքնապաշտպանութիւնը կապւում ահաբեկչութեան հետ, ո՞վ է ֆինանսաւորում յուշարձանի կառուցումը, որքա՞ն գումար է տրամադրուել: Գիւղապետը անգամ հանդիպել կամ հարցերին գրաւոր պատասխանել չկամեցաւ: Նա դէմ էր Լիզպոնի գործողութիւնը ահաբեկչութիւն որակելուն, որոշեց, որ մենք կողմ ենք, եւ հրաժարուեց մեր հարցերին պատասխանել հէնց դրա համար»:

Այս աստիճան հիւանդ մտածելակերպի հետ գործ ունինք եւ մտահոգիչը ա՛յն է, որ իրաւունքի եւ արդարութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան գացած հայորդիներուն յիշատակը «ահաբեկչութեամբ» արատաւորելու ճիգը արդէն կը շարունակուի աւելի քան քսան տարիէ ի վեր` նորովի թափ տալով խորհրդային դարաշրջանի հակազգային գաղափարախօսութեան «հակաահաբեկչական» ձաբռտուքներուն:

Բան մըն ալ աւելի. նման հրապարակում համացանցի վրայ շրջագայութեան մէջ կը դրուի ճիշդ ա՛յն օրերուն, երբ Պռօշեան համայնքի գիւղապետը` ազատամարտիկ եւ դաշնակցական գործիչ Հրաչ Մուրադեան քաղաքական հողի վրայ կատարուած «ահաբեկչութեան» զոհ գացած է…

Փաստօրէն փորձ կը կատարուի իբրեւ «ահաբեկիչ» արատաւորելու ազատամարտիկ եւ դաշնակցական գիւղապետը: Լիզպոնի հինգ հերոսները եւ Դաշնակցութեան նորագոյն նահատակ Հրաչ Մուրադեանը այսպէս` իբրեւ մեծապետական քարոզչութեան կողմէ խծբծուած «ահաբեկիչներ» արատաւորելու նման ճիգը որո՞ւ ջաղացքին ջուր կը հոսեցնէ:

Չէ՞ որ Լիզպոնի գործողութիւնը իբրեւ միջազգային հանրութեան կողմէ «դատապարտուած» ահաբեկչութիւն ներկայացնողը ի վիճակի է, նոյնքան հակագաղափարական պատեհապաշտութեամբ, արցախեան ազատամարտն ալ վաղը արատաւորել իբրեւ… «ահաբեկչութիւն»:

Այսքանով ալ չբաւարարուելով` «Առաւօտ»-ի աշխատակիցին տոնքիշոթեան հրապարակումը կ՛եզրափակուի բամբասանքով.

«Մնաց ոչ պաշտօնական տեղեկութիւնը: Համաձայն դրա, Լիզպոնի գործողութեան զոհերի յիշատակի յուշարձանը կառուցուելու է դրսի մի ՀՅԴ-ականի կամօք եւ փողերով: Ասում են` ՀՅԴ-ն կրկին երկու մասի է բաժանուել` միջազգայնօրէն ահաբեկչութիւն որակուող գործողութեան զոհերի յիշատակի յուշարձանը կառուցելուն դէմ եւ կողմ: Կուսակցութիւնում նաեւ յանձնախումբ է ձեւաւորուել, որը պէտք է զբաղուի այդ հարցերով: ՀՅԴ-ի պաշտօնական արձագանգն այս առիթով կը ներկայացնենք առաջիկայում»:

Դաշնակցութեան մասին տարրական, նոյնիսկ հարեւանցի պատկերացում ունեցող մը պիտի չիյնար նման ենթադրութիւններու եւ շինծու տեղեկութեանց ոլորապտոյտին մէջ:

«Դրսի մի ՀՅԴ-ականի կամօք եւ փողերով» չի՛ շարժիր հայ ժողովուրդին համահայկական մարտունակ ողնաշարը հանդիսացող Դաշնակցութիւնը:

Ոչ ալ Դաշնակցութեան երկփեղկումը հնարաւոր է այնպիսի ծրագրային արժէքներու շուրջ, ինչպիսին է, օրինակ, ի հարկին յեղափոխութեան ճամբով հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան համար գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուիլը:

Ակամայ պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն կը ստիպուինք տալու գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ բարձրացնելու փորձ կատարող նման անհիմն ու անհեթեթ հրապարակումի մը:

Բայց հայ ազգային ազատագրական պայքարի գաղափարախօսութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ յեղափոխական միտքը «ահաբեկչութեամբ» արատաւորելու նման փորձերը, որքան ալ անլուրջ եւ ապարդիւն ըլլան, կարելի չէ անպատասխան ձգել:

Վերջին հաշուով, այսօրինակ հրապարակումները կը մատնեն մասնակի կամ մեկուսի տրամադրութիւններէ անդին գացող, խորհրդային դարաշրջանէն յամեցող եւ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք նորովի թափ առնող հիւանդագին ամբողջ մտայնութիւն մը:

Հայ ժողովուրդի բազմադարեան երթին հետ կապ չունեցող մտայնութիւն մը, որ ներշնչման իր աղբիւրը կը փնտռէ ամէնուր` բացի Հայաստանի անկախութիւնը կերտած եւ, դարաւոր գերութենէ ետք, հայոց ազգային պետականութիւնը վերականգնած հայ յեղափոխական շարժման գաղափարական աւանդներէն:

Նաեւ` մտայնութիւն մը, որ աշխարհի բոլոր գաղափարախօսներու գործերն ու մտածումները թերեւս կրնայ անգիր վերարտադրել, բայց յոգնութիւնը յանձն չ՛առներ բանալու ամբողջ եօթանասուն տարի արգելքի տակ դրուած գաղափարական ժառանգութիւնը Քրիստափորներու եւ Արամներու, Ռուբէններու եւ Աղբալեաններու, Նժդեհներու եւ Նաւասարդեաններու, որպէսզի Լիզպոնի Հինգին սերնդակերտ պատգամը լուսաւորէ ազգային մեր ինքնահաստատման հաւաքական երթը:

Գոնէ Յովհաննէս Շիրազ կարդան եւ անոր անմահացուցած «Լիզպոնի ողջակէզներուն» յիշատակը այսպէս… չարատաւորեն:

Ոչ ալ մեր ժողովուրդի հայրենական եւ սփիւռքեան անբաժանելի թեւերուն միջեւ խորթութիւն սերմանելու թրքական ջաղացքին ջուր հոսեցնեն` անարգաբար խծբծելով, թէ Պռօշեան համայնքին մէջ Լիզպոնի Հինգին յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը կը կառուցուի իբր «դրսի մի ՀՅԴ-ականի կամօք եւ փողերով»…

Նման հրձիգութիւնները հեռանկար չունին, անշո՛ւշտ:

Հայրենիք-սփիւռք միասնութիւնը այնքա՜ն ամրակուռ գաղափարական հիմք ունի, որ ի վիճակի է խորհրդային գաղափարախօսութեան օրինակով վիժած աղանդաւորութեանց աղբանոցին մէջ նետելու նման պառակտումի փորձերը:

Իսկ Դաշնակցութեան երկու մասի «բաժնուելու» սպասումով, մանաւանդ հայրենիք-սփիւռք «բաժանարար գիծ»-ի վրայ գրաւ դնելով իրենց կեանքի ժամանակը մսխողները, վերջին հաշուով, կը դաւեն Ազգին եւ Հայրենիքին դէմ, երբ համահայկական միաձոյլ կազմակերպութեան հիմերուն կ՛ուղղեն իրենց հարուածները…

1970-ականներուն թափ առած Հայ դատի ուժական պայքարը շրջադարձ իրագործեց հայ իրականութեան մէջ` ոչ միայն սփիւռքի տարածքին, այլեւ նոյնինքն հայրենի հողերուն վրայ: Արցախեան պահանջատիրական շարժումի պոռթկումն ալ ուղիղ կապով ներշնչման աղբիւր ունեցաւ հայկական ահաբեկչութիւնը, որ աշխարհով մէկ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն դէմ բարձրացուած լռութեան պատը քանդեց եւ Հայկական հարցին քաղաքական արդար լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը միջազգային այժմէական օրակարգի վերածեց:

Հայ դատի ուժական պայքարը իբրեւ միջազգային ահաբեկչութեան լծակիցի արատաւորելու փորձեր երեսնամեակ մը առաջ ալ կատարուեցան: Բայց մնացին ապարդիւն:

Ապարդիւն կ՛անցնին նաեւ Լիզպոնի Հինգին հերոսական նահատակութիւնը իբրեւ «ահաբեկչութիւն» պիտակաւորելու եւ խծբծելու նորօրեայ փորձերը` հայրենի ոստաններէն գան անոնք թէ սփիւռքեան ափերէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES