ՀՕՄ, ԼՕԽ ԵՒ Համազգայինի Հայ Ճեմարան

Ա. ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

1915 ապրիլ 24. մէկուկէս միլիոն երեխայ, պատանի ու չափահաս` զոհ թուրքերու կազմակերպած ցեղասպանութեան, իսկ մնացորդացը ցրուեցաւ աշխարհի չորս ծագերուն` անտուն, անտէր ու թափառական ժողովուրդ դարձաւ:

1918 մայիս 28, փառաւոր յաղթանակ Հայաստանի անկախութիւն` պետութիւն ու նախարարութիւններ, կարիքաւորներու օգնութիւն, կրթութեան եւ մշակոյթի հաստատութիւններու կազմակերպում:

1920-1921 անկախութեան կորուստ` երկրի խորհրդային իշխանութեան յանձնում…

Հայրենիքէն զրկուած, օտար երկիրներու մէջ ցրուած ժողովուրդ, պէտք էր փրկել մնացորդացը…

Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀԱՅ կարմիր խաչը, Եգիպտոսի մէջ Համազգային կրթական կազմակերպութիւնը կամք եւ ուժ ունեցան վերականգնելու եւ հայութեան երթը շարունակելու: Առաջինը հոգաց ժողովուրդին անմիջական պէտքերը, երկրորդը` կրթութիւնն ու մշակոյթը, փրկել հայ մարդը եւ հայ լեզուն:

Յարգանք` այդ անզուգական առաքեալներուն: Անոնց շնորհիւ հայը յարութիւն առաւ, այսօր Հայ դատ կը հետապնդէ, ցեղասպանութեան ճանաչում կը պահանջէ, ինչպէս նաեւ հատուցում` մարդկային, նիւթական եւ մշակութային կորուստներուն համար:

Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀԱՅ կարմիր խաչը դարձաւ ՀԱՅ Օգնութեան միութիւն` ՀՕՄ. հսկայ կազմակերպութիւն, ընդարձակեց իր աշխատանքին ծիրը գաղութներու մէջ, ինչպէս նաեւ` հայրենիքի:

Լիբանանի մէջ ԼՕԽ-ը առաջիններէն եղաւ` ՀՕՄ-ի ծրագիրները որդեգրող եւ աշխատանքի լծուող:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը իր 26 մասնաճիւղերով, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնով եւ Հայկական ձեռագործի աշխատանոցով սքանչելի գործ կը կատարէ: Ան կ՛օժանդակէ կարիքաւոր ընտանիքներու, անհատներու, անտէր ծերերու, կրթական հաստատութիւններու մէջ բազմաթիւ սաներ կը պահէ. դաստիարակչական եւ քարոզչական յանձնախումբերով հայ կնոջ համար օգտակար դասախօսութիւններ կը կազմակերպէ:

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը ԼՕԽ-ին փոխանցած էր Համաշխարհային առողջապահական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու միջազգային չափանիշները: Լիբանանի 170 կեդրոններէն 25-ը գոհացուցիչ արդիւնքներ արձանագրած էին: ԼՕԽ-ը այդ 25-ին մէջ տեղ գրաւած էր, միակը` Լեռնալիբանանի շրջանին մէջ, եւ արժանացած ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մրցանակին:

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարը մօտէն կը հետեւի ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն եւ կը գնահատէ Լիբանանի քաղաքացիներուն անխտիր եւ հաւասարապէս օգնելու անոր սկզբունքը:

Մեծապէս գնահատելի են ԼՕԽ-ի տարած աշխատանքը եւ իրագործումները:

***

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2013-ը Հայ Մօր տարի յայտարարեց: Դժբախտաբար, մեր օրերուն ընդհանրապէս ընտանիքի տիպար մօր մը յատկանիշները սկսած է կորսուիլ:

Առաքինի եւ զոհաբերուող հայ կնոջ եւ մօր տիպարը կը փոխարինուի նորոյթի պահանջներուն գոհացում տուող պատկերով, ինչ որ կ՛առաջնորդէ ընտանիքի քայքայման: Օտար ամուսնութիւններ, զաւակները օտար վարժարան առաջնորդել, օտար լեզուն քաջալերել, հայերէնի փոխարէն օտար շրջանակ, օտար սովորութիւններ. տան եւ զաւակներուն անհրաժեշտ ժամանակը զլանալ, եւ վերջապէս ամուսնալուծում եւ «նոր» տեսակի «որբ»-եր:

ՀՕՄ-ը եւ ԼՕԽ-ը պէտք է այս ուղղութեամբ ծրագիր մշակեն` պատկան մարմիններու եւ հաստատութիւններու հետ գործակցելով, դարման գտնեն այս մտահոգիչ վիճակէն դուրս գալու համար:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ուսումնասիրութիւնները արեւմտեան հայերէնի շիջումին եւ անհետացման մասին կը խօսին: Ահազանգը լրջօրէն պէտք է նկատի առնել, որովհետեւ առողջ լեզու մը կ՛ենթադրէ կազմակերպուած առողջ ընտանիք, գիտակից ծնողք, հայ դպրոց, գիտակից ուսուցիչ եւ միութենական աշխատանք:

                                    ***

Համազգայինի ՀԱՅ ՃԵՄԱՐԱՆԸ կը հիմնուէր 1930-ին` ՀՄՄ-ի զուգահեռ, հայ լեզուն, հայ մշակոյթը պահպանելու, լաւ մարդ եւ լաւ հայ պատրաստելու նպատակով:

Լ. Շանթ եւ Ն. Աղբալեան ծրագրած էին գիշերօթիկ աշակերտներ ունենալ հեռաւոր եւ դրացի գաղութներէն: 1930 փետրուարին 15 աշակերտներ դիմեցին Ճեմարան. անոնք կու գային որբանոցներէն, արհեստանոցներէն կամ ազգականներու մօտ ապաստան գտած պատանիներէն էին. բոլորն ալ գիշերօթիկ ընդունուեցան, աւելի ընտանեկան մթնոլորտի մէջ դաստիարակուելու համար:

ՀՕՄ-ը յանձն առաւ գիշերօթիկ սաներ պահել. առաջին տարին 5 գիշերօթիկի եւ 21 երթեւեկող աշակերտի ծախքը հոգաց եւ 2000 ամերիկեան տոլարի պիւտճէ մը յատկացուց:

Այս առիթով Լ. Շանթ 1930-1931 տարուան տեղեկագիրին մէջ կը գրէ. «Առանց Հայ կարմիր խաչի թանկագին օժանդակութեան մեր ժողովուրդի այս ընդունակ եւ ուսումնածարաւ, բայց նիւթապէս անկարող քանի մը տասնեակ տղաքն ու աղջիկները մեր հաստատութեան մէջ առնելու հնարաւորութիւնը պիտի չունենայինք: Եւ ընդհանրապէս մեր նորակազմ Համազգայինը միայն իր միջոցներով պիտի չկարողանար այսքան շուտ ոտքի հանելու Ճեմարանի նման բարդ ու մեծածախս հաստատութիւն մը: Ով այս Ճեմարանին արժէք կու տայ, ով այս Ճեմարանէն օգուտ մը կը ստանայ պէտք է միշտ ջերմութեամբ յիշէ Հայ կարմիր խաչի անունը Համազգայինի անունին քովիկը, Համազգայինի անունին հիւսուած:

«Մինչեւ հիմա խօսքս Հայ կարմիր խաչի Ամերիկայի Կեդրոնական մարմինին մասին էր, բայց տեղական Պէյրութի Հայ օգնութեան խաչին ալ երախտագիտութեան տուրք մը ունիմ տալու. մեր դպրոցի չունեւոր աշակերտներուն համար ԼՕԽ-ը 100 սուրիական ոսկի դրաւ Ճեմարանին վարչութեան տրամադրութեան տակ, չունեւոր աշակերտներուն երթեւեկի, հագուստի, հիւանդութեան, դեղի ու գրենական պիտոյքներու յատկացուելու համար»:

Լ. Շանթի մահէն ետք, ՀՕՄ-ի յատկացումները շարունակուեցան, գիշերօթիկներու թիւը բազմապատկուեցաւ: Նորակառոյց երկրորդ շէնքի առաջին յարկը, մանկարարտէզի բաժինը ՀՕՄ-ի անունով կոչուեցաւ:

Շնորհակալութիւն ՀՕՄ-ին եւ աշխարհի տարածքին սփռած իր մասնաճիւղերուն, կամաւոր անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ Համազգայինի կեդրոնական եւ տեղական մասնաճիւղերուն, վարչութիւններուն ու անդամներուն:

11 փետրուար, 2013

Share this Article
CATEGORIES