Իրաք Աստիճանաբար Կը Սահի Դէպի Քաղաքացիական Պատերազմ
ՆԱԺԻ Ս. ՊՈՒՍԹԱՆԻ
2003-ին ամերիկեան բանակը տապալեց Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի վարչակարգը. բազմաթիւ նպատակներէն մէկն էր հաստատել Ուաշինկթընի եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքին հաւատարիմ վարչակարգ մը` խոստանալով, որ երկիրը պիտի դառնայ ապահով ու խաղաղ ժողովրդավարութիւն: Բայց այդ բռնագրաւումէն տասը տարի ետք իրականացուած արդիւնքը այդ ակնկալութիւններուն եւ խոստումներուն հակառակն է: Իրան շատ լաւ գիտցաւ օգտագործել հանգուցեալ սիւննի բռնատէրի` շիի մեծամասնութեան դէմ գործած հալածանքի խաղաքարտը. ան յաջողեցաւ սիրաշահիլ այդ մեծամասնութիւնը, եւ անոր չզլացաւ գումակային ու քաղաքական զօրակցութիւն` յաջողելով երկրին վրայ հաստատել իրեն համակիր իշխանութիւն մը: Թեհրան այս աշխատանքը տարաւ շրջանային հակակշիռի եւ ազդեցութեան գօտիի ընդարձակման սուր պայքարի ծիրին մէջ, որուն ընթացքին հակադրուեցաւ բազմաթիւ արաբական երկիրներու, յատկապէս` Ծոցի երկիրներուն, որոնց վրայ կ՛աւելնար Թուրքիան: Ասոր կողքին, ամերիկեան վարչակարգի իրաքցիներուն խոստացած ժողովրդավարութիւնը միայն համայնքային սուր պառակտում եւ իշխանութեան համար բաց պայքար բերաւ` իրարու հակադրելով Իրաքի շիիները, սիւննիներն ու քիւրտերը, միաժամանակ պատճառելով Իրաքի քրիստոնեայ համայնքին չքացումը (ահաբեկչական հալածանքներէն փախուստ տալու եւ գաղթի մղելով զանոնք): Իսկ ինչ կը վերաբերի անվտանգութեան, ապա թիւերը բարացուցական եւ պերճախօս են: 2003-էն ասդին ինկած քաղաքային զոհերուն թիւը կը տարուբերի 120 հազարի եւ մէկ միլիոնի միջեւ` ըստ աղբիւրի եւ վիճակագրման ձեւերու չափանիշներու, որոնց վրայ կ՛աւելնան հարիւր հազարաւոր վիրաւորներ, նիւթական եւ տնտեսական հսկայական վնասներ եւ այլն: Բայց այս բոլորը չեն նշանակեր, թէ հարցը հոս եւ այսքանով կը վերջանայ: Շատեր կը հաւատան, որ այս ահաւոր ողբերգութիւնը պարզապէս սկիզբն է գալիք իրաքեան քաղաքացիական պատերազմին, որ ոչ միայն անխուսափելի է, այլ շատ մօտիկ ապագային պիտի բռնկի. փաստերն են.-
Առաջին` ականահարումները:
Իրաքի մէջ ականահարումները ոմանց կարծածին պէս կոյր ու պատահական չեն, այլ մեծ խնամքով ուսումնասիրուած ու կազմակերպուած են` զանոնք գործելու պահուն ու թիրախներուն ճշդումին մէջ ծառայելով յստակ նպատակներու. վերջին օրերու ականահարումներն ու անոնց պատճառած մեծաթիւ անմեղ զոհերը կը հաստատեն այս մեկնաբանութիւնը: Ականահարումներու նմանօրինակ արշաւ մըն էր, որ Իրաքը պարպեց քրիստոնեաներէ` զանոնք մղելով փախուստի կամ գաղթի, արեւմտեան պետութիւններու տրամադրած աննախընթաց դիւրութիւններով: Իրաքէն վերջին ամերիկացի զինուորին մեկնումէն` 18 դեկտեմբեր 2011-էն ի վեր այդ ականահարումները կը կեդրոնանան շիի շրջաններու վրայ` պատճառելով ահաւոր թիւով զոհեր, բորբոքելով համայնքին ատելութիւնը եւ ենթահող պատրաստելով միջհամայնքային ընդհարումի:
Երկրորդ` սահմանադրութեամբ վարչական բաժանումը:
Իրաքի նոր սահմանադրութիւնը նահանգներու սահմանագծումը կատարեց համայնքային կամ ազգային հիմքի վրայ: Այս պարագան խթանեց աճը համայնքային կամ ազգային կուսակցութիւններու, որոնք կ՛աշխատին անկախ տարածքի վերածելու իրենց նահանգները: Սահմանադրութեան 116-րդ յօդուածը կ՛ըսէ, որ իրաքեան հանրապետութեան դաշնակցային դրութիւնը կը բաղկանայ մայրաքաղաքէ մը, շրջաններէ եւ նահանգներէ, վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեամբ, եւ` տեղական վարչական իշխանութիւններէ: Այս դրութիւնն է, որ հիմը հանդիսացաւ իշխանութեան եւ «Իրաքեան Քիւրտիստանի շրջան»-ի (Իրպիլ, Սիւլէյմանիէ եւ Տահուք նահանգներ) մինչեւ լարուածութեան, որ անընդհատ կը սաստկանայ քարիւղի եւ բնական կազի հասոյթներուն շուրջ տարակարծութեանց պատճառով: Շիիներու եւ քիւրտերու հասարակաց շահերը զանոնք մէկ խրամատի մէջ դրած էին ատեն մը, բայց այդ հանգրուանը շատոնց անցած է, եւ այժմ անոնց տարակարծութիւնները կը սպառնան Իրաքի միութեան ու կայունութեան: Նահանգներու համայնքային բաժանումը նաեւ պատճառ դարձաւ սիւննի մեծամասնութեամբ նահանգներուն` Անպարի, Սամարայի եւ Մուսուլի նման շրջաններու մէջ ժողովրդային ըմբոստութեան: Հոն ամիսներէ ի վեր բազմամարդ ցոյցեր կը պահանջեն անջատուիլ: Անոնց պատճառաբանութիւնն այն է, թէ` «Շիիներու հակակշիռին տակ գտնուող եւ Իրանի նեցուկը վայելող կառավարութիւնը խտրականութիւն կը կիրարկէ սիւննիներուն դէմ եւ կը հալածէ զանոնք այն պատրուակով, թէ Քայիտայի հետեւորդներ են, ահաբեկիչներ են, կամ կը փորձեն վերակենդանացնել Պաաս կուսակցութիւնն ու անոր գործելաոճը»:
Երրորդ` Թուրքիոյ եւ Ծոցի երկիրներու Սուրիոյ մէջ դերակատարութիւնը:
Թուրքիա եւ Ծոցի երկիրները իրենց ամբողջ կշիռով ու բոլոր ուժերով մխրճուեցան սուրիական հակամարտութեան մէջ` զարկ տալով համայնքային ծայրայեղականութեան երեւոյթին: Այս կացութիւնը Իրաքի` Նուրի Մալիքիի (շիի) գլխաւորած կառավարութիւնը մղեց հակադրուելու անոնց` քաղաքական եւ համայնքային ինքնապաշտպանութեան համար: Իրաքեան կառավարութիւնը դիւրացուց իր հողերուն վրայէն Իրանէն Սուրիա զէնք ու զինամթերքի օդային փոխադրութիւնը, կ՛ամբաստանէ Արեւմուտքը, եւ կը սաստկացնէ անոր վրայ քաղաքական ճնշումը. իրաքեան կառավարութիւնը մտահոգ է սուրիական վարչակարգին տապալումէն, որովհետեւ զայն փոխարինողը պիտի ըլլայ սիւննի մոլեռանդութիւն մը, որ անխուսափելիօրէն զօրավիգ պիտի կանգնի Իրաքի սիւննիներուն եւ զանոնք պիտի մղէ զէնքի ուժով վերատիրանալու Պաղտատի իշխանութեան: Իրաքի սիւննիները աներկբայօրէն կը յայտարարեն, թէ կը սպասեն Սուրիոյ մէջ իրենց դաշնակիցներուն յաղթանակին եւ գրաւը դրած են անոնց զօրակցութեան վրայ` վերատիրանալու իշխանութեան:
Չորրորդ` ընկերային եւ տնտեսական պայմանները:
Հակառակ քարիւղային հարստութեան, որ իրաքեան կառավարութեան տասնեակաւոր միլիառներով տոլարներու եկամուտ կ՛ապահովէ, աղքատութիւնը համատարած է շիի մեծամասնութեամբ հարաւային եւ սիւննի մեծամասնութեամբ կեդրոնական նահանգներուն մէջ: Ասոր վրայ աւելցան անապահով եւ անկայուն պայմանները, ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ հրահրուող համայնքային կիրքերը (Իրանի դէմ Թուրքիոյ եւ Ծոցի պարանաձգութեան եւ արշաւին մէջ շահագործուելու համար), եւ այս բոլոր ազդակները զէնք կրելու եւ պատերազմի պատրաստ հոգեվիճակի մը մէջ դրին ժողովուրդը:
Վերեւ ներկայացուած տուեալներէն կարելի է հետեւցնել, որ Իրաք արագօրէն կ՛ընթանայ դէպի քաղաքացիական պատերազմ, որուն պատճառներն են իր վարչաձեւի խախուտ հիմքը, ներքին համայնքային եւ ցեղային պատերազմը, ներքին հարցերուն մէջ շրջանային եւ միջազգային ուժերու միջամտութիւնը եւ Սուրիոյ ու Միջին Արեւելքի մէջ համայնքային հակամարտութեանց արձագանգները:
Իրաքի մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը վախը վերլուծաբաններու տեսակէտ չէ. վերջին շրջանին բազմաթիւ իրաքցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ներառեալ` վարչապետ Նուրի Մալիքի, փոխ նախագահ Թարեք Հաշեմի, քրտական շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանի, իրաքեան խորհրդարանի նախագահ Ուսամա Նուժայֆի եւ ուրիշներ ահազանգ հնչեցուցին եւ զգուշացուցին այս վտանգէն:
«Նաշրա»



