«Հաճնոյ Հերոսամարտի 90-ամեակի Գիտաժողովի Նիւթեր Եւ Վաւերագրերու Լուսանկարներ» Գիրքի Շնորհահանդէս

Հայկ Դեմոյեան

Կազմակերպութեամբ Հաճնոյ հայրենակցական միութեան, երէկ` երկուշաբթի, 8 ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հաճնոյ հերոսամարտի 90-ամեակի գիտաժողովի նիւթեր եւ վաւերագրերու լուսանկարներ» գիրքի շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հանրութեան:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը Հաճնոյ հայրենակցական միութեան անունով արտասանեց Փոլ Եագուպեան, որ խօսեցաւ միութեան համար նշեալ գիրքին կարեւորութեան ու դաստիարակչական եւ ազգային առումով ներկայացուցած արժէքին մասին: Եագուպեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս գործին յաջողութեան:

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան

Հաճնոյ հերոսամարտի 90-ամեակի գիտաժողովի նիւթեր եւ վաւերագրերու լուսանկարներ» գիրքին մասին զեկուցեց դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ նշեց, թէ գալիք սերունդներուն նոր շունչով եւ բովանդակութեամբ  պէտք է փոխանցել Հաճնոյ կտակը եւ այս գիրքը նշեալ նպատակին կը ծառայէ: Տագէսեան շեշտեց, որ գիրքին մէջ տեղ գտած են գիտաժողովին նիւթերը, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ  լուսանկարներ, Նոր Հաճընի յատակագիծը եւ փաստաթուղթեր:

Իր կարգին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է հպարտանայ իր արմատներով ու շրջաններով: Ան հաստատեց, որ Հաճընի հերոսամարտը ունէր գիտակցական բնոյթ, որ կազմակերպուած էր եւ նախանձելի: Դեմոյեան շեշտեց, որ նշեալ հերոսամարտը դրուագ մըն է մեր տառապանքներուն եւ ուղերձ` չխաբուելու իբրեւ բարեկամ ներկայացող ուժերէն:

Աւարտին, տեղի ունեցաւ գիրքին հրատարակութեան նպաստող անհատներու պարգեւատրման արարողութիւնը: Յայտնենք, որ ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին ասմունքով` Յաւերժ Շխրտըմեան, իսկ երգով` Լուսիա Քէշիշեան:

Փոլ Եագուպեան

 

Share this Article
CATEGORIES